Հայկազեան Համալսարան. Լիբանանահայ 100-Ամեայ Մամուլի Ցուցահանդէսի Բացում
Հայ տպագրութեան 500-ամեակին առիթով` կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի երէկ` երկուշաբթի, 7 մայիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայկազեան համալսարանի «Մուկար» շէնքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ 100-ամեայ մամուլի ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը` հովանաւորութեամբ տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուքի:
Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով խօսք առաւ դոկտ. Արտա Էքմեքճի, որ ներկայացուց հայ տպագրութեան եւ լիբանանահայ մամուլի համառօտ պատմութիւնը` ընդգծելով տպագրութեան եւ յատկապէս մամուլի դերակատարութիւնը լիբանանահայ գաղութի զարգացման մէջ:
Ապա խօսք առաւ դոկտ. Արմէն Իւրնեշլեան, որ նշեց, որ այս ցուցահանդէսը կը միտի ոգեկոչել բեղուն անցեալ մը. «Թէեւ այս նախաձեռնութիւնը իր տեսակին մէջ առաջինը չէ, սակայն առաջին քայլն է ստեղծելու լիբանանահայ մամուլի ամբողջական պատկերը», յայտնեց ան:
Իւրնեշլեան յայտնեց, որ այդտեղ ցուցադրած 150 թերթերով կրնանք հպարտանալ մէկ դարու մեր իրագործումներով, նաեւ ափսոսալ բաղդատելով անցեալը ներկային: «Այս ցուցահանդէսը մարտահրաւէր մըն է ճանչնալու մեր անցեալը, ուսումնասիրելու մեր արժէքները: Եթէ մամուլը հայելին է գաղութի մը, երկրի մը, ապա այս ցուցահանդէսը այդ հայելիին հայելին է», ընդգծեց Իւրնէշլեան:
Տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք իր խօսքին մէջ շեշտեց պատերազմեան շրջանին Պէյրութի մէջ տարբեր համայնքներու միջեւ տիրած «փոխադարձ համարկում»-ի մթնոլորտը, Հայկազեան համալսարանի ներդրումը Լիբանանի կրթական կեանքին մէջ: Ան նշեց, որ 1927-1937 երկարող տասնամեակը կարելի է նկատել լիբանանահայ մամուլի տասնամեակը` աւելցնելով, որ 1927-էն լոյս տեսնող առաջին հայկական օրաթերթը «Ազդակ» օրաթերթն էր: Նախարարը նաեւ յիշեց լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին նահատակուած լիբանանահայ լուսանկարիչ լրագրող Ժորժ Սեմերճեանը:
Այնուհետեւ բացումը կատարուեցաւ ցուցահանդէսին, ուր մօտաւորապէս 150 թերթերու օրինակներ կային, ոմանք իսկական պատճէններով, իսկ բաժին մըն ալ միայն տեղեկութիւններով:
Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ շաբաթ, 12 մայիս կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն 7:00:

