Լիբանանեան Ֆութպոլ. Զամալեք Շըհիմ – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ` 4-2

Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի ծիրին մէջ իր կատարած չորրորդ մրցումին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կրեց իր չորրորդ յաջորդական պարտութիւնը Զամալեք Շըհիմէն` 4-2 արդիւնքով:

Ա. կիսախաղին 2-0 արդիւնքով պարտուած ՀՄԸՄ Բ. կիսախաղին նշանակեց իր երկու կոլերը` շնորհիւ Յակոբ Գուճանեանի եւ Վարդան Յարութիւնեանի:

Այսպիսով, Դ. դասակարգի ախոյեանութիւնը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի համար, թէեւ մնացեալ չորս խումբերը յառաջիկայ շաբաթավերջին մրցում ունին կատարելիք:

 

Share this Article
CATEGORIES