«Քոմոտոր» Պանդոկին Մէջ Պաշտօնական Բացում` Մարզիչներու Յատուկ Դասընթացքներու

Համբիկ Միսաքեան (կեդրոնը) կը զեկուցէ (Լուսանկարը Տրամադրեց Ատնան Հաժ Ալի)

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ ՖԻՖԱ-ին, երէկ առաւօտեան ժամը 8:30-ին, «Քոմոտոր» պանդոկին մէջ (Համրա) պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ աղջկանց ֆութպոլի մարզիչներու յատուկ դասընթացքներուն:

Այս դասընթացքներուն պիտի հսկէ ՖԻՖԱ-ի ներկայացուցիչը` Վիքի Լինթըն (Աւստրալիա): Անոնց կը մասնակցին 24 թեկնածուներ` լիբանանեան բոլոր ակումբներէն:

Ներկաներուն բարի գալուստի խօսքը ուղղեց Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ եւ ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնատար Ժիհատ Շահըֆ, ուր ըսաւ, որ այս դասընթացքները կազմակերպելով` Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կը փափաքի աղջկանց ֆութպոլը զարգացնել Լիբանանի մէջ եւ մարզիչներ պատրաստելով անոր յառաջխաղացքին նպաստել:

Ապա խօսք առաւ Լիբանանի աղջկանց ֆութպոլի յանձնախումբի նախագահ եւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ Համբիկ Միսաքեան:

Միսաքեան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց ՖԻՖԱ-ին, որ բոլոր երկիրներու ֆետերասիոններուն կը զօրակցի` աղջկանց ֆութպոլը աշխարհի չորս տարածքին զարգացնելու նպատակով:

Աւարտին ան յաջողութիւն մաղթեց 24 թեկնածուներուն, միեւնոյն ժամանակ ալ փափաք յայտնելով, որ անոնք բոլորն ալ յաջողին իրենց քննութիւններուն մէջ եւ ստանան համապատասխան վկայականներ:

Նշենք, որ մարզիչութեան փորձերը տեղի պիտի ունենան յետմիջօրէներուն` Պէյրութի Քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, իսկ ունկնդրութեան դասընթացքները առաւօտեան` «Քոմոտոր» պանդոկին մէջ:

Անոնք պիտի աւարտին ուրբաթ, 11 մայիսին, յատուկ հանդիսութեամբ մը, որ տեղի պիտի ունենայ «Քոմոտոր» պանդոկին մէջ` ներկայութեամբ ֆութպոլի ֆետերասիոնին անդամներուն եւ հրաւիրեալներու:

 

Share this Article
CATEGORIES