Էն. Պի. Էյ. – Սփըրզ Ապահովեց Բ. Հանգրուանի Իր Տոմսը

Երէկ, Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, Սան Անթոնիօ Սփըրզ 87-81 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ եւ 4-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք Եութա Ճեզի վրայ, ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը. անիկա կը ճակատի Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ մրցումին յաղթականին դէմ:

Քլիփըրզ, որ երէկ երկարաձգումին ընթացքին 101-97 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, այժմ 3-1 արդիւնքով կը յառաջանայ:

Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (փակագիծերուն մէջ նշուած են ցարդ տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները).

Ինտիանա Փէյսըրզ – Օրլանտօ Մեճիք (3-1)
Աթլանթա Հոքս – Պոսթըն Սելթիքս (1-3)
Շիքակօ Պուլզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ (1-3)
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Տենվըր Նակեթց (3-1)

 

Share this Article
CATEGORIES