Ճատրակ. Իրաւարարը` Հայաստանէն
Իր լուրերը մէջբերելով armchess.am-էն, armsport.am կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ 11-28 մայիսին Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումին գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ միջազգային Ա. կարգի իրաւարար Աշոտ Վարդապետեան, բնականաբար` Հայաստանէն:
Այս մրցումին իրարու դէմ պիտի ճակատին աշխարհի այժմու ախոյեան Վիշվանաթան Անանտ (Հնդկաստան) եւ Պորիս Կելֆանտ (Իսրայէլ):
CATEGORIES Մարզական

