Արազ Օզպիլիսի Վիրաբուժութիւնը Անցաւ Շատ Յաջող
Ինչպէս նախապէս հաղորդուած էր, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ հոլանտական Այաքս Ամսթերտամի միջնապահ Արազ Օզպիլիս 7 մայիսին Հոլանտայի մէջ պիտի ենթարկուէր վիրաբուժութեան:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքէջին հետ իր ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին Օզպիլիս ըսաւ, որ վիրաբուժութիւնը անցաւ շատ յաջող եւ ինք շատ լաւ վիճակի մէջ կը զգայ ինքզինք:
Ըստ Օզպիլիսի, քանի մը շաբաթէն կը յստականայ, թէ ան ե՛րբ պիտի սկսի իր փորձերուն:
CATEGORIES Մարզական


