Կիւլ Զգուշացուցած Է Հոլանտը

Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտին:

Թուրքիոյ նախագահը իր ուղերձին մէջ յոյս յայտնած է, որ Հոլանտի ընտրուիլը նպաստէ թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններու զարգացման: Կիւլ, նկատի ունենալով Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը, նշած է, որ յոյսով է, որ Ֆրանսայի նոր ղեկավարութիւնը Թուրքիոյ համար զգայուն հարցերու շուրջ ուշադիր պիտի ըլլայ:

Նշենք, որ Ֆրանսուա Հոլանտ յայտարարած էր, թէ ընտրուելու պարագային քայլերու պիտի ձեռնարկէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը դարձեալ Ֆրանսայի ծերակոյտին ներկայացնելու համար: Ան պնդած էր, որ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան համար Թուրքիան պէտք է Հայոց ցեղասպանութեան փաստը ճանչնայ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES