50 Տարի Առաջ ( 10 մայիս 1962 )
Այնճար
Թագաւորութեան Մը
Մայրաքաղաքը
Կ՛ըսուի, թէ հռոմէական շրջանին, եւ աւելի առաջ, Պեքաա առանձին թագաւորութիւն մըն էր` ճանչցուած զանազան անուններով, ինչպէս` Լիբանանեան Գալսիս, Գոլս, Սուրիա կամ Այնճար:
Թէեւ շատ քիչ բան ըսուած է իր պատմութեան, տարածութեան եւ այդ թագաւորութեան բնոյթին մասին, սակայն յստակ գիտենք, որ անիկա եղած է արամէական նահանգ մը:
Նոյնպէս, մութ է եղած թագաւորութեան մայրաքաղաքին վայրը, նախքան անոր փոխադրութիւնը Ապիլա կամ Ուատի Պարատա, առաջին դարուն, Յ. Ք.:
Պատմաբաններու եւ հնախոյզներու միտքը չարչրկած է սա հարցը, թէ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ 1500 տարուան կազմաւորուած թագաւորութիւն մը արմատապէս բնաջինջ եղած է: Սակայն կայ իրողութիւն մը, որ շատ յստակ է, ինչպէս պատմական փաստերը ցոյց կու տան. Այնճարի մերձակայքը, Լիթանիի գլխաւոր աղբիւրը կազմող Շթորայի հակառակ, Պեքաայի արեւելքը, ճանչցուած է իբրեւ իրաւ վայրը կորսուած մայրաքաղաքին:
Անմիջապէս որ պատմաբաններ եւ հնախոյզներ ընդունեցին այս վարկածը, սկսան փնտռել պատկառելի աւերակներ, որոնք կարողանային ներկայացնել արքայական փառքը հին մայրաքաղաքին, որ գոյութիւն ունեցած է հռոմէական շրջանին:
Ասոնցմէ շատեր դիւրին ճամբան փորձեցին: Գտան հսկայ ու պարսպապատ աւերակներ հին քաղաքէն (Ակէն), հազիւ մէկ քիլոմեթր հեռու ակէն:
Նոյնիսկ պահպանողական «Կիտ պլէօ»-ն կը յայտարարէ (Կիտ Պլէօ, էջ 291, 1932-ի հրատարակութեան մէջ), թէ Պէյրութ-Դամասկոս ճամբուն վրայ, հազիւ մէկ քիլոմեթր դէպի արեւելեան Պեքաա, ճամբան կ՛անցնի «պատկառելի աւերակներուն մօտէն, որոնք կը ներկայացնեն 375 մեթր երկարութեամբ ուղղանկիւն-քառանկիւն հաստափոր պատերու մնացորդներ: Ասոնք աւերակներն են Լիբանանեան Գալսիսի»:
Այնճար առաջին անգամ կը տեսնուի, երբ Պէյրութ-Դամասկոս գծի ճամբորդները մօտենան Պեքաայի արեւելեան սահմանագլխուն, որովհետեւ ան իր բարտիի ծառերով վերածուած է հիւրընկալ ովասիսի մը, Անդի-Լիբանի լերան ստորոտին:
Տէր-Զենոնի սիմենթէ կամուրջը անցնելով, որ կը կտրէ Լիթանիի օժանդակ Ղարագիլիան, երկուք ու կէս քմ. անդին կողմնակի ճամբայ մը կը լքէ մայր ճամբան եւ կ՛երկարի դէպի գաղթակայանը (Այնճար): Ասիկա «Կիտ պլէօ»-ի ճամբան է, որ անցնելով գաղութին մէջ սենեակնոց քարէ կամ սիմենթէ կառուցուած տուներուն ընդմէջէն կ՛երթայ օմայատներու ամրոցին մօտէն ու մէկ քմ. եւս երկարելով` կը հասնի ակին հաճելի ու անտառուտ շրջանը:
Ակին կից, հոս-հոն ցրուած կը տեսնուին մեծ ու հին շէնքերու խոշոր քարերը, որոնք կարելի է բաժնել երեք գլխաւոր խումբերու.
Ա.- Ակին արեւմտեան կողմը 50 ոտք երկարութեամբ կը տեսնուին երկու շարք պատեր զուգահեռ ընթացքով. կը թուի, թէ այս պատերը շատ հինէն կառուցուած են, եւ սակայն արեւելեան ծայրամասը, ակին կից խճաքարերով կազմուած է ճիշդ այնպէս, ինչպէս օմայատներու բերդին շրջանակային աշտարակները:
Երկրորդ խումբը կը գտնուի Ակին հիւսիս-արեւմուտքը, արդիական ու մէկ սենեակնոց տան մը շուրջ եւ կը գրաւէ տարածութիւն մը, որ կը թուի եղած ըլլալ հին ջրաբաշխական կեդրոն մը:
Վերջին խումբը, որ կը գտնուի հիւսիսարեւելեան շրջանը եւ ակի մակերեսէն աւելի ցած եւ ճահճահուտ շրջան մըն է, կը պարունակէ խոշոր հիմնաքարեր, որոնց չափն է 50×100 ոտք:
Հռոմէական նեղ ճամբայ մը, որ կտրատուած է կրաքարային խաւերէ, երկարելով լերան ստորոտին հարաւ-արեւելքէն` կ՛ուղղուի դէպի հիւսիս-արեւելք, քիչ մը վեր, լերան կողին, ու այս ճամբայէն կարճ հեռաւորութեան մը վրայ կայ բնական քարայր մը, որ կը կարծուի եղած ըլլալ հին ժամանակներէն գետի մը սրբավայր ակունքը: Երրորդ խումբի աւերակներուն ճիշդ կից եւ ակին միջեւ կայ նախապատմական վայր մը, ուրկէ Լիբանանի հնութեանց բաժանմունքը հանած է քարէ եւ պրոնզէ շրջաններէն մնացած թաղարի բեկորներ, իր վերջերս կատարած պեղումներով:
Թագաւորութեան Պատմութիւնը
Այն, ինչ որ գիտենք մինչեւ հիմա այդ կորսուած քաղաքին մասին, այն է, թէ մայրաքաղաքը կը կոչուէր Զոպահ, որ թագաւորանիստ քաղաքն էր: Արամէականները կ՛իշխէին Եփրատէն մինչեւ Եարմուք, շուրջ 1000 թուականին, Ն. Ք.:
Զոպահ բառը կը նշանակէ կարմիր կամ պղինձ, որմէ յոյները, ըստ իրենց սովորութեան, սեմական տեղանունները յունացնելով, թարգմանեցին Զոպահը եւ զայն կոչեցին «Գալսիս»: Գալսիսի թագաւոր Հատատեզեր ժամանակուան մը համար կորսնցուց իր պղինձի հանքերը, այն ատեն, երբ Դաւիթ թագաւոր ծաւալողական արշաւանքներ կը կատարէր: Սակայն մէկ դար վերջ Այնճարի կառավարիչները վերագրաւեցին զանոնք` Դամասկոսի թագաւոր Ռեզոնը ղրկելով ցիր ու ցան եղած եբրայէցիներուն դէմ:
Ապա արամեան ուժին աթոռը փոխադրուեցաւ Դամասկոս եւ, ըստ վերջին յիշատակութեանց, Այնճարի մասին կը խօսուի որպէս նոր Իթարական միապետութեան աթոռանիստ քաղաքը, տոհմը արաբական, իսկ լեզուն` արամերէն:
Իթարական Այնճարը իշխեց ամբողջ Լիբանանի վրայ` Սայտայէն մինչեւ Ռաս Շաքքա եւ ատեն մը եկաւ, երբ դամասկոսցիները պարտաւորուեցան Նապաթեանները օգնութեան կանչելու, որպէսզի գան եւ պաշտպանեն իրենց քաղաքը Այնճարի ուժերու բռնագրաւումին դէմ, 85 թուին, Ն. Ք.:
Կղէոպատրայի Որդին`
Թագաւոր Այնճարի
Ն. Ք. 36 թուականին Մարկոս Անտոնիոս իր ձեռքին մէջ կը պահէր հռոմէական Սուրիան ամբողջութեամբ: Այնճարի թագաւորութիւնը յանձնեց Կղէոպատրայէն ունեցած իր որդւոյն` Պտղոմէոսի, սակայն Պտղոմէոսի յաջորդներէն` Թիպերիոս կայսրը Գալսիս կամ Այնճարը բաժնեց երկուքի` ստեղծելով Ապիլոնի քառապետութիւնը Արեւելքի մէջ, իսկ Այնճար աստիճանական անկումներ կրելով` մոռացութեան ենթարկուեցաւ:
Ահա այսքանը միայն ծանօթ է մեզի` թագաւորութեան մը պատմութեան մասին, բայց այսքանն իսկ բաւ է զարմացնելու հետաքրքիրը ակի շրջակայքը գտնուող քանի մը տեսանելի եւ խօսուն փաստերով, որոնք հազարաւոր տարիներ առաջ եղած էին ուժի եւ կորովի աղբիւրներ` Այնճարի իշխանութեան տակ բերելով Միջերկրականէն մինչեւ Եփրատ տարածուող երկրամասը:
Անգլերէն թարգմանութիւն` ՊՐՈՒՍ ԳՈՆՏԷ
ՊԵՏՐՈՍ ՇԵՄՄԵՍԵԱՆ

