«Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Լուծման Հարցին Մէջ Շօշափելի Արդիւնքներու Կարելի Է Հասնիլ Արդէն Այս Տարի» Կ՛Ըսէ ԵԱՀԿ-ի Նախագահի Ներկայացուցիչը

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի Հարաւային Կովկասի մէջ յատուկ ներկայացուցիչ, դեսպան Փաթրիք Մըրֆի «Տը Պիզնըս Եիր» ամսագիրին հետ Ազրպէյճանի մասին հարցազրոյցի մը ընթացքին կը յայտնէ, որ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ ընթացիկ տարուան մէջ շօշափելի արդիւնքներու կարելի է հասնիլ:

Մըրֆի ըսած է, որ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ շօշափելի յառաջընթացի կարելի է հասնիլ միայն հակամարտող կողմերու քաղաքական կամքին եւ միջազգային հանրութեան ջանքերուն շնորհիւ:

«Իմ կողմէս, իբրեւ Հարաւային Կովկասի մէջ յատուկ ներկայացուցիչ, կարելին պիտի ընեմ շրջանին մէջ տագնապներու լուծման նպաստելու համար: Ատոր համար ես իբրեւ հիմք պիտի ընդունիմ Իրլանտայի փորձառութիւնը, հակառակ անոր որ, ինչպէս յայտնի է, երկու նոյնանման տագնապ գոյութիւն չունի», ըսած է Մըրֆի:

Ան ընդգծած է, որ միակ կառոյցը, որ կոչուած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման աջակցելու, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակն է:

Մըրֆի յիշեցուցած է, որ Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու համանախագահութեամբ Մինսքի խմբակին մէջ կը մտնեն նաեւ Պիելոռուսիան, Գերմանիան, Իտալիան, Շուէտը, Ֆինլանտան, Թուրքիան, Լիթուանիան, Իրլանտան, Ուքրանիան, ինչպէս նաեւ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը:

«Մենք կ՛աջակցինք Մինսքի խմբակի` տագնապի լուծման հիմնարար սկզբունքներուն ուղղուած ջանքերուն, որոնք սկիզբ պիտի դնեն խաղաղութեան պաշտօնական համաձայնագիրի մշակման աշխատանքներուն», ըսած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի յատուկ ներկայացուցիչը:

Ըստ անոր, շփման գիծին վրայ մահուան դէպքերու զգալի թիւը լուրջ անհանգստութիւն կը պատճառէ եւ հրադադարի ամրապնդման ուղղուած անմիջական միջոցառումներու իրականացում կը պահանջէ:

«Շփման գիծէն արձակազէններու դուրսբերումը եւ ուժի կիրարկումի սպառնալիքէն հրաժարիլը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի հետագայ դիտարկումները պիտի նպաստեն կողմերուն միջեւ վստահութեան աճին եւ կայունութեան ու անվտանգութեան ապահովումին», ըսած է ան:

Ըստ անոր, այս ուղղութեամբ դարձեալ կարեւոր քայլ է 2011-ին Սոչիի մէջ նախագահներ Սերժ Սարգսեանի, Տմիթրի Մետվետեւի եւ Իլհամ Ալիեւի կողմէ միացեալ յայտարարութեան իրագործումը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES