«Ես Հետամուտ Պիտի Ըլլամ, Որ Ցեղասպանութիւններու Մասին Նոր Օրինագիծ Ներկայացուի» Կը Գրէ Հոլանտ
Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ ընտրութիւններէն քանի մը օր առաջ` 2 մայիսին, նամակ յղած է թրքական «Անատոլու» մշակութային կեդրոնի նախագահին եւ Ֆրանս-թրքական ընկերակցութեան համակարգող կոմիտէի պաշտօնական ներկայացուցիչ Տեմիր Էօնկերին, որ ծանօթ է իբրեւ յայտնի մերժողական: Հոլլանտ անգամ մը եւս վերահաստատած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրէնքի որդեգրման նկատմամբ իր յանձնառութիւնը:
Ան իր նամակին մէջ գրած է. «Ես երախտապարտ եմ ձեզի, որ դուք ուշադրութիւնս հրաւիրեցիք այսպէս կոչուած յուշային օրէնքներու բարդ խնդիրին: Ընկերվարական կուսակցութիւնը ցեղասպանութիւններու մասին օրէնքի որդեգրման ակունքներուն մէջ է: Ես անձամբ կողմ քուէարկած եմ այդ օրինագիծին: Վերջերս ծերակոյտին կողմէ որդեգրուած օրէնքը իրականութեան մէջ որեւէ յատուկ ցեղասպանութիւն չի մատնանշեր, անոր նպատակը քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելն է այն անձերը, որոնք կը վիճարկեն կամ կը նուազեցնեն ցեղասպանութեան յանցանքը: Ատիկա բացառապէս քրէական օրէնք է, որ որեւէ պետութիւն կամ ժողովուրդ անմիջականօրէն թիրախ չի դարձներ, սակայն կը նշէ, որ Ֆրանսայի մէջ կարելի չէ ոչ միատեսակ վերաբերմունք ունենալ տարբեր ցեղասպանութիւններու նկատմամբ, որոնք ճանչցուած են: Այսպիսով, օրէնսդիրը ոչ մէկ ձեւով կը միջամտէ պատմութեան ոլորտին մէջ:
«Այդ բարդ հարցը Հայաստանի հետ պատահած դէպքէն աւելի լայն է: Անիկա մեր երեսփոխաններու շրջանակին մէջ քննարկումներ յառաջացուցած է ամէն անգամ, երբ կը մեղադրուի երեք ժողովուրդ, որովհետեւ անիկա օրէնսդիրին վրայ պատասխանատուութիւն կը դնէ պատմութեան վերաբերեալ անոր քննարկումներուն մէջ: Սակայն վստահ եղէք, ընկերվարականները, ինչպէս նաեւ ես ֆրանսական-թրքական բարեկամութեան կողմնակից ենք:
«Ֆրանսան հաւատարիմ ըլլալով իր հանրապետական աւանդութիւններուն, իմ կարծիքովս, պէտք է ուշադիր ըլլայ ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութեան խրախուսման ջանքերուն նկատմամբ: Սահմանադրական խորհուրդը մերժեց օրէնքը: Ես հետամուտ պիտի ըլլամ, որպէսզի առաջարկուի մեր սահմանադրութեան համապատասխանող նոր օրինագիծ մը:
«2004-էն իմ դիրքորոշումս այդ հարցին վերաբերեալ չէ փոխուած: Եւրոպան, համաձայնելով Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւններուն, հաւատարիմ կը մնայ իր էութեան` միաւորել տարբեր ժողովուրդներ, մշակոյթներ եւ եկեղեցիներ: Եթէ Թուրքիա կը փորձէ միանալ, թող ցոյց տայ արդիականացման իր կողմնակցութիւնը»:

