Րաֆֆի Փափազեանի Մահուան Առիթով Սրտի Խօսք` Հայ Երիտասարդներուն
Սիրելի՛ երիտասարդներ,
Սիրելի՛ պարմաններ եւ պարմանուհիներ,
Աշակերտներ, ուսանողներ, աշխատաւորներ,
Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին առիթով թրքական դեսպանատան դիմաց կազմակերպուած ցոյցին Լիբանանի հայ երիտասարդութեան բազմահազար մասնակցութիւնը, անցնող շաբաթներուն մտքիս մէջ նոր յոյսերու, ներշնչման, յաւելեալ կորովի եւ ապագայի հանդէպ աւելիով բորբոքող վճռակամութիւն մը ստեղծելու առիթ յառաջացուց:
Սիրելինե՛ր,
Հո՛ն էիք դուք, տարբեր դպրոցներէ, համալսարաններէ, աշխատատեղիներէ, արհեստներէ, ընտանիքներէ, տարբեր թաղամասերէ, գաղափարական թէ քաղաքական զանազան միաւորներէ:
Եկած էիք տարբեր-տարբեր գլխարկներով, շապիկներով, մազի յարդարանքներով, երբեմն ականջի օղերով թէ զարդերով, թաթուներով. բայց եկած էիք մեծ թիւերով` ձեր ձայնը լսելի դարձնելու համար մեր թշնամիին եւ ըսելու անոր, որ «մենք` հայ երիտասարդներս, ժառանգորդները մէկուկէս միլիոն նահատակներու, արդարութիւն եւ հատուցում կը պահանջենք»:
Պարզուած սքանչելի պատկերին դիմաց եւ թրքական դրօշակին հրկիզման պահուն ձեր աչքերէն ժայթքող բարկութեան ու վճռակամութեան կրակին դէմ յանդիման, մտովի կ՛ըսէի, որ մենք` երէցներս, վստահ կրնանք ըլլալ, որ ժառանգը պիտի ապրի, եւ մեր երիտասարդները պատրաստ են ամէն զոհողութեան` ի շահ հայութեան եւ Հայաստանին, եւ անոնք պիտի շարունակեն վառ պահել ջահը: Ու մտածեցի, թէ ահա այս երիտասարդութիւնն է մեր իրական հարստութիւնը:
Սիրելի՛ տղաք,
Բազմահազար այդ ցոյցին բազմահազար երիտասարդներու կարգին ներկայ էր ու բռունցքը բարձր, բարձր ձայնով կը գոռար նաեւ Րաֆֆի Փափազեանը: ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղի քսան տարին չբոլորած ընկերը, որուն մարմինը երէկ համատարած սուգի մէջ հողին յանձնուեցաւ` անմխիթար պահելով իր ծնողքն ու ընկերները:
Ժունիէի Ս. Յարութեան եկեղեցին եւ շրջափակը նեղ կու գային ձեզի, նոյն այդ ցոյցին մասնակից երիտասարդներ: Եկած էիք յարգանքի վերջին տուրքը տալու ձեր ընկերոջ, որ ճակատագրի տխուր մէկ խաղին հետեւանքով զոհ գնաց մահացու արկածի մը: Րաֆֆիին անշնչացած բայց հարստացնող մարմնին շուրջ կանգնող տղոց աչքերը այս անգամ բարկութիւն չէին ժայթքեր: Յուզում էր ամէնուրեք ու թաց աչքեր:
Այո՛, տղաք, յուզուած էիք եւ անճրկած: Ես ձեր աչքերուն մէջ տեսայ նաեւ բարկութիւն մահուան հանդէպ, տեսայ բողոք ճակատագրին դէմ, տեսայ ընկերականութեան լաւագոյն արտայայտութիւնները եւ տեսայ կամքը` դասեր քաղելու Րաֆֆիին մահէն:
Սիրելինե՛ր,
Երիտասարդ էք եւ ձեր տարիքը լաւագոյն կերպով ապրելու իրաւունքը ունիք: Հիմա ուրախութեան, բերկրանքի, հրճուանքի, երգելու, պարելու, ցատկելու տարիքն է, որ կ՛ապրիք: Կեանքի դժուարութիւններուն դէմ յանդիման պիտի գտնուիք աւելի ուշ, հետեւաբար ապրելու իրաւունքը ունիք, ուրախ ապրելու, եւ ձեր կենսունակ կեանքով ձեր շրջապատը ուրախացնելու պարտաւորութիւնն ալ ունիք:
Եւ մենք` տարիքով մեծերս, վստա՛հ եղէք, կը հասկնանք ձեզի: Չէ՞ որ մենք ալ ձեր տարիքէն անցած ենք եւ ուրախ ուզած ենք ապրիլ…
Բայց հաւատացէք նաեւ, որ ուրախ ապրելու համար պէտք է ապրի՛ք ու ողջ մնաք: Պէտք է դուք ձեզ պաշտպանէք կեանքին սպառնացող ամէն չարիքէ: Երիտասարդական ցաւերն ու դառնութիւնները, տխրութիւններն ու յուսաբեկումները պէտք չէ առաջնորդեն ինքնամոռացումի առաջնորդող այնպիսի վիճակներու, որոնք կրնան անդարձ վնասներու առաջնորդել ձեզ:
Տղա՛ք ու աղջիկնե՛ր,
Աստուած ձեր ծնողներուն ճամբով կեանք տուած է ձեզի, որ ապրիք եւ ապրեցնէք: Գուրգուրացէ՛ք այս աստուածատուր շնորհին վրայ եւ արժեւորեցէ՛ք զայն:
Գուրգուրացէ՛ք դուք ձեր վրայ:
Խնայեցէ՛ք դուք ձեզ կեանքին սպառնացող վտանգներէն: Զգուշ եղէք, այո՛:
Աւելի յստակ պէտք է խօսիլ թերեւս:
Ուրախ ըլլալու համար խուսափեցէք խմիչքէն:
Ուրախ մնալու եւ ապրելու համար մի՛ իյնաք թմրեցուցիչի սարդոստայնին մէջ…
Ապրելու եւ ուրախ ըլլալու ձեր իրաւունքին ի գին մի՛ սուրաք ձեր ինքնաշարժով, խուսափեցէ՛ք մոթորներէն…
Անիմաստ վտանգներէ հեռո՛ւ մնացէք…
Զգո՛ւշ եղէք վատ ու յոռի բարքերէ…
Դուք ձեզ սիրեցէք այնքան մը, որ հեռացէք ամէն մտածումէ, որ կրնայ վտանգել ձեր ուրախութիւնը…
Մտածեցէ՛ք ձեր մայրերուն ու հայրերուն, քոյրերուն եւ եղբայրներուն, մամիկներուն ու պապիկներուն, ձեր ընկերներուն մասին եւս, թէ ինչքան խոր վէրք կը բանաք ձեր անժամանակ մեկնումով…
Ապրիլ 24-ին բողոքո՛ղ երիտասարդներ,
Մեր բոլորին սրտահատորներ,
Չի՞ բաւեր ինչքան նահատակ տուած ենք թուրքի սուրին:
Չի՞ բաւեր ինչքան զոհ տուած ենք պատերազմներու:
Տակաւին յաւելեալ արիւն ունի՞նք մնացած` անհեթեթ հաճոյքներու դիմաց կեանք տալու:
Ձեր կեանքը, ձեր արիւնը` սիրելի՛ տղաք, շատ ու շատ արժէքաւոր է: Ազգովին պէտք ունինք անոնց վաղը, բուն կռիւին, թշնամիին դէմ պատերազմին ընթացքին: Իրա՛ւ եւ իրական ուրախութիւն ու կեանք պարգեւող պատերազմին համար պահենք մեր կեանքը:
Մեր սիրելի՛ Րաֆֆիին դագաղին առջեւ այս մտածումներով երբ կը նայէի անոր մօրը եւ հօրը աչքերուն, սիրելի՛ երիտասարդներ, ուզեցի եւ կ՛ուզեմ, որ դուք խոստում կատարէք ձեր ընկերոջ շիրիմին առջեւ, որ այսուհետեւ պիտի գիտնաք կեանքին եւ ուրախութեան իրաւ արժէքը:
Խոստացէք տղա՛ք, որ արցունք պիտի չտաք ձեր ծնողներուն:
Խոստացէ՛ք, որ պիտի գուրգուրաք ձեր կեանքին վրայ: Հեռու պիտի մնաք անիմաստ խենթութիւններէ:
Այն ատեն միայն, դուք իրաւ սիրած կ՛ըլլաք ձեր ընկերը` Րաֆֆին:
Այն ատեն միայն, դուք սփոփած կ՛ըլլաք Րաֆֆիին մայրն ու հայրը:
Այն ատեն միայն ուրախ կ՛ըլլայ ձեր կեանքը: Ուրախ մնալու համար պէտք է ապրիք:
Հայ ժողովուրդը դեռ պէտք ունի ձեզի, սիրելի՛ երիտասարդներ:
Ընդունեցէ՛ք սիրելիներ խրատս, իբրեւ ձեր մեծ եղբայրը կամ հայրը:
Ձեզ միշտ սիրող`
Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

