Նախագահ Սլէյման Խստիւ Դատապարտեց Դամասկոսի Պայթումները

Նախագահ Սլէյման եւ Թունուզի վարչապետը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ` խստիւ դատապարտելով Դամասկոսը ցնցած երկու արիւնալի պայթումները:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ սուրիացի քաղաքացիներուն դէմ գործուած պայթումներն ու բռնարարքները ժողովրդավարական վարչակարգի հասնելու սխալ միջոցներ են:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ լաւագոյն ձեւը պիտի ըլլար սուրիական ազգային երկխօսութիւն մը կատարել եւ իմաստուն ու քաղաքակիրթ կերպով փորձել այդ հարցերուն եւ երկրին տագնապին լուծումը:

Նախագահ Սլէյման նշեց, որ Սուրիոյ եւ սուրիացիներուն շահերը ամէն բանէ վեր պէտք է ըլլան:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց Թունուզի վարչապետ Համատի Ժապալին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Թունուզի եւ Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը:

Նախագահ Սլէյման դրուատեց Թունուզի մէջ ժողովրդավարութեան որդեգրումը:

Միքաթի եւ Ժապալի վարչապետարանին մէջ

Պըրրիի Մօտ

Ժապալի այցելեց նաեւ Այն Թինէ, ուր ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ: Քննարկուեցան Լիբանան-Թունուզ յարաբերութիւնները եւ Թունուզի մէջ ժողովրդավարութեան հաստատումին քայլերը:

Վարչապետարանին Մէջ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց թունուզցի իր պաշտօնակիցը, որուն հետ քննարկեց երկրին տնտեսական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու երկու երկիրներուն բարգաւաճման առումով անոնց համագործակցութեան կարեւորութիւնը:

Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Ժապալի իր կարգին հաստատեց, որ կը փափալքի, որ Լիբանան Թունուզի մէջ ներդրումներ կատարէ:

 

Share this Article
CATEGORIES