ԾԱՆՐԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ. ՄԵԼԻՆԷ ՏԱԼՈՒԶԵԱՆ ԵՒՍ ՊԻՏԻ ՉՄԵԿՆԻ ՔԱԶԱՆ

Յառաջիկայ 11 ապրիլին Թաթարստանի մայրաքաղաք Քազանի մէջ պիտի սկսին Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան մրցումները:

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը այժմ ուսումնամարզական հաւաք կը կատարէ Երեւանի մէջ:

Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արտաշէս Ներսիսեան ըսաւ, որ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով աշխարհի ախոյեան Նազիկ Աւտալեան բացակայ պիտի ըլլայ այս ախոյեանութենէն:

Ներսիսեան աւելցուց ըսելով, որ Քազան պիտի չմեկնի նաեւ Մելինէ Տալուզեան, որ ստամոքսային խնդիրներ ունի:

Ասիկա կը նշանակէ, որ Եւրոպայի ախոյեանութեան մասնակցողները պիտի ըլլան Էլեն Գրիգորեան (53 քկ) եւ Հռիփսիմէ Խուրշուտեան (75 քկ եւ վեր):

Ներսիսեան ըսաւ, որ ինք մեծ յոյս ունի, որ հաւաքականին մաս կազմող երկու մարզիկները յաջող արդիւնքներ արձանագրեն, որովհետեւ լաւ մարզավիճակի մէջ են, սակայն ան անպայման չվստահեցուց, որ անոնք մետալներով պիտի վերադառնան Հայաստան:

Նշենք, որ Հայաստանի պատուիրակութիւնը վաղը` շաբաթ, 9 ապրիլին  պիտի մեկնի Քազան:

 

Share this Article
CATEGORIES