Սաֆրայի Մէջ Հսկայական Հրդեհ` Գորգերու «Պիպլոս» Գործարանին Մէջ

Նախարար Սապունճեան կը ստուգէ դէպքին վայրը

Երէկ առաւօտեան ժամը 8:30-ին Սաֆրայի մէջ գտնուող գորգերու «Պիպլոս» գործարանին մէջ բռնկեցաւ հրդեհ մը, որ ըստ սկզբնական արդիւնքներուն ելեկտրական կարճ միացումի հետեւանքով արձանագրուած է:

Հրդեհը շատ արագ տարածուած է ամբողջ գործարանին մէջ` նկատի ունենալով մեծ քանակով այրող նիւթերը, որոնք կը գտնուէին գործարանին մէջ:

«Պիպլոս» գորգի ընկերութեան մէջ բռնկած հրդեհը տեւեց ամբողջ օրը եւ այդ հրդեհին պատճառով փուլ եկաւ նաեւ գործարանին արեւմտեան կառոյցը, որ հինգ յարկանի է: Բարեբախտաբար սակայն մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած:

Հրդեհը պատճառեց նիւթական հսկայական վնասներ` նկատի ունենալով, որ անիկա երկար ատեն հրկիզուեցաւ, հակառակ զայն հակակշիռի տակ առնելու քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն ի գործ դրած ջանքերուն:

Հրկիզուած գործարանը եւ այդ հրդեհին պատճառով փուլ եկաւ նաեւ գործարանին արեւմտեան կառոյցը

Լիբանանեան բանակին յատուկ կրակ մարող ուղղաթիռ մը եւս օժանդակեց այդ աշխատանքին:

Միջադէպին վայրը ժամանեց ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան, որ ընդգծեց, թէ պէտք է սպասել հետաքննութեան արդիւնքին:

Ան ցաւ յայտնեց նման դէպքերուն առումով` աւելցնելով, որ գործարանը իր ապահովութեան բոլոր չափանիշերը կ՛ամբողջացնէ:

Նշենք, որ հրկիզուած գորգի այս գործարանը կը պատկանի Վարուժան Ֆստըքճեանի:

Պէտք է աւելցնել, որ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութիւնը ցաւով անդրադարձաւ այս գործարանը հարուածած հրդեհին եւ շեշտեց, որ միութիւնը իր բոլոր կարողութիւնները կը զետեղէ գործարանին եւ անոր սեփականատէրերուն տրամադրութեան տակ:

Share this Article
CATEGORIES