ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ԵՒ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ ԲԱՑՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ. «ՄԵՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՍՏԱՆԱՆ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ ԵՒ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ԲՆՈՅԹ» «ԱԶԴԱԿ»ԻՆ Կ՛ԸՍԷ ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Ցուցահանդէսէն անկիւն մը

Այսօր երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան հիմնադրութեան 80-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Համազգայինի գրատարածի նախաձեռնութեամբ, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ եւ գործակցութեամբ «Ազդակ»ի ու «Վանայ Ձայն»ի, տեղի կ՛ունենայ մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու ցուցահանդէս վաճառքի պաշտօնական բացումը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ  Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Արսէն եւ Սօսի Հալաճեաններու:

Այս առիթով «Ազդակ» զրոյց մը ունեցաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան-գրատարածի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանի հետ: Ան յայտնեց, որ 2011 տարուան ընթացքին, Համազգայինի հրատարակչական գործի սկզբնաւորման 80-ամեակին առիթով նախատեսուած են շարք մը ձեռնարկներ, որոնց բոլորին հիմնական նպատակակէտը հայ գիրքի ու ընթերցանութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւն շարժել ու ծաւալել պիտի ըլլայ: 80-ամեակի առիթով նախատեսուած են նաեւ հրատարակչական յատուկ աշխատանքներ:

Հաւաթեան անդրադարձաւ անցնող երեք շաբաթներուն ընթացքին Համազգայինի նորակառոյց գրախանութին մէջ կազմակերպուած հայ գրականութեան իրերայաջորդ երեք շաբաթներուն, երբ Համազգայինի գրախանութին մէջ լիբանանահայ գրողներ մակագրեցին իրենց նոր հեղինակած  հրատարակութիւնները եւ մամուլի ճամբով անդրադարձան հայ գիրքի ու ընթերցանութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ այս իմաստով ներկայացուցին իրենց տագնապներն ու պատկերացումները: Ան հաստատեց, որ նման ձեռնարկներ պիտի ստանան պարբերական ու հետեւողական բնոյթ` ակնկալելով, որ ժողովուրդը իր ներկայութեամբ քաջալեր ու զօրավիգ հանդիսանայ հայ գիրի ու գրիչի զինուորագրեալներու դժուար առաքելութեան` ի խնդիր մեր հոգեմտաւոր շտեմարանի հարստացման ու գրականութեան պահպանման եւ զարգացման: Այս առիթով ան դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններուն, որոնց բարերարութեամբ նորոգուեցաւ ու բարեզարդուեցաւ Համազգայինի գրախանութը եւ այսպիսի նախաձեռնութիւններ կազմակերպելու յարմարաւէտ վայրի մը վերածուեցաւ:

Անդրադառնալով մանկապատանեկան գիրքերու այս ցուցահանդէսին` Յակոբ Հաւաթեան յայտնեց, որ քաջալերուելով անցնող տարեշրջանի ցուցահանդէսին եւ մրցանքներուն ստեղծած հետաքրքրութենէն եւ խանդավառութենէն, որոշուեցաւ այս ձեռնարկին կազմակերպման տալ տարեկան բնոյթ: Այս տարուան ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հայկական եւ օտար յաւելեալ թիւով հրատարակչատուներ եւ գրատարածման հաստատութիւններ` մեր նորահաս սերունդներուն տրամադրութեան տակ դնելով գիրքերու ճոխ հաւաքածոյ մը:

Ան աւելցուց, որ ցուցահանդէսին առընթեր երեկոները կազմակերպուած են մրցանքներ եւ ներկայացումներ: Հայկական վարժարաններու տարրական բաժինի աշակերտները պիտի ներկայացնեն հաւաքական եւ անհատական ելոյթներ, նախակրթարանի աշակերտները պիտի մասնակցին հայերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն ընթերցանութեան մրցանքներու, իսկ միջնակարգ բաժինի աշակերտները պատրաստած են գիրքեր, որոնց պիտի ծանօթանան բոլորը, եւ լաւագոյնները պիտի արժանանան մրցանակներու: Այս բոլոր նախաձեռնութիւնները կ՛առաջադրեն ցուցահանդէսին տալ իւրայատուկ դիմագիծ ու նկարագիր եւ ստեղծել վարակիչ մթնոլորտ: Հայկազեան համալսարանի գրադարաններու անձնակազմին հետ գործակցաբար այս առիթով պատրաստուած է նաեւ գիրքի եւ ընթերցանութեան մասին երկլեզու պրոշիւր մը, որ պիտի բաժնուի աշակերտութեան:

Համազգայինի հրատարակչատան տնօրէնը այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին, որ ստանձնած է ցուցահանդէսի հովանաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ քաթարաբնակ ազգայիններէն տէր եւ տիկին Արսէն եւ Սօսի Հալաճեաններուն, որոնք ստանձնած են ընդհանուր նախաձեռնութեան նախագահութիւնը: Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ «Սօսի յիշատակի ֆոնտ»ին` այս ծրագիրին իր բերած ներդրումին համար: Ան անդրադարձաւ նաեւ «Ազդակ»ի եւ «Վանայ Ձայն»ի հետ գործակցութեան, որոնք իրենց կարելիութիւնները ի սպաս կը դնեն, որպէսզի ձեռնարկը եւ անոր առաքելութիւնը հասանելի դառնայ աւելի ընդարձակ շրջանակներու` Լիբանանի եւ արտերկրի մէջ: Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Հայկազեան համալսարանի տնօրէնութեան, որ միշտ իր նպաստը կը բերէ նման օգտաշատ ծրագիրներու գործնականացման: Եւ վերջապէս, Հաւաթեան կարեւոր նկատեց այս ծրագիրի յաջողութեան մէջ իրենց հիմնական բաժինը ունեցող լիբանանահայ բոլոր վարժարանները, ուսուցիչները եւ մրցանքներու կազմակերպիչներն ու դատական կազմերը, որոնց անվերապահ զօրակցութիւնն ու գործակցութիւնը ամուր երաշխիք են այս ծրագիրի յաջողութեան:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի երկարի 8-17 ապրիլ, ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00` առաւօտները առիթ տալու համար հայկական վարժարաններու աշակերտներուն իրենց դաստիարակներուն ուղեկցութեամբ այցելելու ցուցահանդէս, իսկ երեկոները տեղի պիտի ունենան մրցանքները եւ ներկայացումները: Այսօր երեկոյեան ժամը 6:30-ին, բացման հանդիսութեան գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբը եւ «Արեգ» թատերական դպրոցի աշակերտները:

 

Share this Article
CATEGORIES