ԼԻՊԻՈՅ ՄԷՋ ՕԹԱՆ-Ի ՈՒԺԵՐ ՍԽԱԼՄԱՄԲ 45 ԸՄԲՈՍՏՆԵՐ ԿԸ ՍՊԱՆՆԵՆ

Լիպիացի ըմբոստները կը յայտնեն, որ ՕԹԱՆ-ի օդային հարուած մը երէկ հարուածած է ըմբոստ մարտիկներ` պատճառելով 45 զոհ: Ասիկա մէկ շաբթուան ընթացքին ՕԹԱՆ-ի ուժերուն կողմէ ակներեւ երկրորդ այսպիսի սխալն է, որ յաւելեալ զայրոյթ յառաջացուց դաշնակից ուժերուն հետ համակարգումի թերացումներուն նկատմամբ:

Յարձակումը տեղի ունեցաւ քարիւղի ռազմավարական Պրիքա նաւահանգիստի ճակատին մօտ: Հետագային հարիւրաւոր ինքնաշարժներ Աժտապիայէն Պենկազի փախուստ տուին` մեկնելով այն մտավախութիւններէն, թէ Մոամմար Քազզաֆիի ուժերը կրնան ստեղծուած իրարանցումէն օգտուելով յառաջանալ դէպի Աժտապիա:

Պրիւքսելի մէջ ՕԹԱՆ-ի պաշտօնատար մը յայտնեց, որ ըմբոստներուն վարկածին շուրջ հետաքննութիւն տեղի պիտի ունենայ: Յարձակումը տեղի ունեցաւ Պրիքայէն 30 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Մինչ այդ, Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ երկու պայթումներ լսուեցան, սակայն պայթումներուն պատճառը չյստակացաւ:

Միւս կողմէ, Ուաշինկթըն յայտնեց, որ ըմբոստները պէտք չէ զինել, մինչեւ որ անոնց ինքնութեան շուրջ անորոշութիւնը չյստականայ:

 

Share this Article
CATEGORIES