ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի, Ամերիկաներէն եւ Աւստրալիայէն Կեդրոնական կոմիտէներու եւ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ներկայացուցիչներ անցնող շաբաթավերջին հաւաքուած էին Նիւ Ճըրզիի մէջ` Հայ դատը առաջ տանելու նպատակով խորհրդաժողով գումարելու:

Խորհրդաժողովը անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ճիշդ ու արդար կարգաւորման, անկախ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անվտանգութեան, Վրաստանի Ջաւախք շրջանի ինքնավարութեան եւ ընկերային-տնտեսական զարգացման եւ աւելի զօրաւոր Հայաստանի Հանրապետութեան համար այս շրջաններուն մէջ սփիւռքեան գաղութներու տարած պայքարի ընթացքին անոնց դիմագրաւած բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն եւ պատեհութիւններուն:

Խորքային քննարկումներու նիւթ դարձան Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ուրացումն ու արդարութեան հաստատման դէմ Անգարայի կողմէ  յարուցուող խոչընդոտները յաղթահարելու, ինչպէս նաեւ հայութեան ու ընդհանրապէս մարդկութեան դէմ այս ոճիրին համար Թուրքիոյ կողմէ պետական պատասխանատուութիւն ընդունելու եւ արդար, ամբողջական ու տեւական լուծում ապահովելու ռազմավարութիւնները:

Խորհրդաժողովը ուսումնասիրեց նաեւ անկախ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ինքնորոշման իրաւունքը պաշտպանելու, անվտանգութիւնը, ընկերային-տնտեսական զարգացումը եւ միջազգային կարգավիճակը ապահովելու նոր ուղիներ:

Մասնակիցները նաեւ քննարկեցին ժողովրդավար եւ դաշնակցային Վրաստանի մէջ` Ջաւախքի ժողովուրդի տեղական ինքնակառավարման, քաղաքական ինքնավարութեան եւ ընկերային-տնտեսական զարգացման իրաւունքներուն աջակցելու կարելիութիւնները:

Կարեւոր քննարկման առարկայ դարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացման համար անհրաժեշտ աջակցութիւնը, ներառեալ` նշանակալից թիւով եւ գործունեայ հայկական գաղութներ ունեցող երկիրներուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ երկկողմանի համագործակցութեան եւ զարգացման ծրագիրներու իրականացման համար իրազեկման աշխատանքները:

Խորհրդաժողովի մասնակիցները կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ արեւմտեան կիսագունդին մէջ հայկական գաղութներու քաղաքական գործունէութեան եւ ազդեցութեան աճին առնչուող հասարակաց հարցերու մասին, ներառեալ` իրենց բնակած երկիրներուն հասարակական եւ բոլոր մակարդակներու (տեղական, նահանգային եւ դաշնակցային) քաղաքական կեանքին մէջ   երիտասարդութեան մասնակցութիւնը աւելցնելու ձեւերը:

Մասնակից գաղութային ղեկավարութեան համար խորհրդաժողովը առիթ եղաւ փորձառութիւն փոխանակելու եւ նոր մօտեցումներ մշակելու` Հայ դատի նպատակներուն իրագործման համար  համայնքային իրազեկման կարողականութեան հզօրացման, կազմակերպական ստեղծագործ գործիքներու օգտագործման, նոր ճարտարարուեստի եւ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու գործածութեան ուղղութեամբ:

Նիւ Ճըրզիի խորհրդաժողովը մաս կը կազմէ ՀՅԴ աշխարհասփիւռ խորհրդակցութիւններու: Անցեալ տարուան վերջաւորութեան տեղի ունեցան Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի Հայ դատի խորհրդաժողովները` Պէյրութի եւ Փարիզի մէջ:

ՀՅԴ ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ

6 ապրիլ, 2011

Share this Article
CATEGORIES