ՌՈՒՄԻԷԻ ԲԱՆՏԸ ԿԸ ՊԱՐՏԱԴՐԷ ԻՆՔԶԻՆՔ ԻԲՐԵՒ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ ԹՂԹԱԾՐԱՐ

Ցոյց եւ անիւներու հրկիզում` Արդարութեան պալատին առջեւ

Ռումիէի բանտին մէջ արգելափակեալներու հարազատները չորրորդ օրն ըլլալով շարունակեցին իրենց նստացոյցը, սակայն այս անգամ անոնք փոփոխութեան ենթարկեցին նստացոյցին վայրը, որ դարձաւ Պէյրութի Արդարութեան պալատը:

Նստացոյցին մասնակցող կիները` բանտարկեալներու մայրերը, քոյրերը, զաւակներն ու կիները, պահանջեցին արտօնութիւն ստանալ իրենց զաւակներուն հետ հանդիպելու համար` նկատի ունենալով այն տեղեկութիւնները, թէ Ռումիէի մէջ կը գտնուի վիրաւորներու մեծ թիւ մը, մինչդեռ պաշտօնական աղբիւրներ կը հաստատեն, որ վիրաւորներուն թիւը շատ աւելի մեծ է:

Ապահովական խիստ միջոցառումներու ներքեւ նստացոյցին մասնակցող ցուցարարները վարկաբեկիչ արտայայտութիւններ ունեցան պետական անձնաւորութիւններուն, պատասխանատուներուն, դատաւորներուն եւ ապահովութեան ուժերուն ու ոստիկաններուն հասցէին:

Արգելափակեալներուն հարազատները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը հանդիպում մը ունեցաւ արդարութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Օմար Նաթուրի հետ եւ կոչ ուղղեց անոր իրենց պահանջները ներկայացնելու արդարութեան նախարար Իպրահիմ Նաժժարին եւ այսօր իսկ կազմելու հետաքննիչ յանձնախումբ մը, որ կազմուած է արգելափակեալներուն ընտանեկան պարագաներէն եւ լրագրողներէ:

Նաթուրի հետ հանդիպումէն ետք պատուիրակութիւնը վերադարձաւ փողոց եւ ցուցարարներուն միացաւ. այնուհետեւ անիւներ հրկիզուեցան Արդարութեան պալատին առջեւ, ինչպէս նաեւ պալատը ենթարկուեցաւ քարկոծումի:

Միջին Արեւելքի եւ Լիբանանի մէջ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Ալի Խալիլ յայտնեց, որ ցուցարար կիները մտահոգ են իրենց հարազատներով` մաղթելով, որ այսօր իսկ արտօնուի անոնց` իրենց հարազատներուն այցելութիւնը:

Ցոյցը աւարտեցաւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին:

Միւս կողմէ, կէսօրէ ետք շուրջ ժամը 4:30-ին Ռումիէի բանտին մէջ ծայր տուաւ ըմբոստութեան նոր ալիք մը, որ սակայն երկար չտեւեց:

Ըմբոստութիւնը բռնկեցաւ Ռումիէի Դ. մասնաշէնքին մէջ, ուր արգելափակեալները պատանդ վերցուցին երկու ոստիկաններ եւ երեք պաշտօնեաներ: Սակայն ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ բանակի յատուկ ջոկատներուն միջամտութեամբ կարելի եղաւ պատանդները ազատ արձակել եւ կացութիւնը հանդարտեցնել:

Բանտարկեալներուն հարազատները երեկոյեան կատարեցին նստացոյց մը, որուն ընթացքին անոնք փակեցին Պէյրութի միջազգային օդակայան տանող ճամբան, սակայն բանակին ու ներքին ապահովութեան ուժերուն միջամտութենէն ետք կարելի եղաւ ճամբան բանալ:

Նշենք, որ ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Ռումիէի բանտին մէջ տեղի ունեցած ըմբոստութեան իբրեւ հետեւանք արձանագրուած նիւթական վնասներուն պատճառով, արգելափակեալներուն այցելելու համար անոնց հարազատներուն արտօնութիւն կարելի պիտի ըլլայ շնորհել առաւելագոյնը մինչեւ յառաջիկայ երկուշաբթի, 11 ապրիլ:

Share this Article
CATEGORIES