Ազրպէյճանի Նախկին Արտաքին Գործոց Նախարար Կուլիեւ Պուտափեշթի Մէջ Բանախօսեց. «Մենք Հայաստանէն Աւելի Ուժեղ Ենք, Կրնանք Ղարաբաղը Ետ Առնել, Բայց Կարգ Մը Համաձայնագիրներ Արգելք Են»
«Մարմարա» կը գրէ, որ Ազրպէյճանի նախկին արտաքին գործոց նախարար, այժմ Պուտափեշթի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Վիլայէթ Կուլիեւ Թուրք-հունգարական գործարարներու միութեան կողմէ կազմակերպուած համագումարի մը մասնակցելով պատասխանեց հայերուն ազատագրած հողամասերուն մասին հարցումներու եւ ըսաւ, որ Ազրպէյճան այսօր բաւական ուժեղ է, որպէսզի ազատագրէ իր հողամասերը, բայց Ռուսիոյ հետ ստորագրուած համաձայնութիւններ կան, որոնք արգելք կ՛ըլլան այսպիսի գործողութեան մը:
Համագումարը կազմակերպուած էր քննարկելու համար «Հայաստանի կողմէ կատարուած բռնագրաւումին» քսաներորդ տարուան արդիւնքները: Համագումարին բացումը կատարեց Թուրք-հունգարական գործարարներու միութեան նախագահ Օսման Շահպազ, որ ըսաւ, որ իրենց համար Ազրպէյճանի բոլոր հողամասերը եւ դրօշակը սրբութեան համազօր արժէք ունին:
Այնուհետեւ խօսեցաւ Կուլիեւ, որ ըսաւ. «Մենք երիտասարդ հանրապետութիւն մըն ենք, բայց 70 երկիրներու մէջ դեսպանատուն ունինք: Պետական կառոյցը շատ շուտ ձեւաւորեցինք: Ղարաբաղեան հարցին մասին քսան տարիէ ի վեր կը խօսուի, բայց լուծման համար որեւէ քայլ չ՛առնուիր: Նմանօրինակ տագնապներ ուրիշ երկիրներու միջեւ ալ կան: Իսրայէլի ու Պաղեստինի միջեւ, կամ Հնդկաստանի ու Փաքիստանի միջեւ: Հայաստանի հետ եթէ բաղդատուի, մեր պիւտճէն Հայաստանի պիւտճէէն աւելի բարձր է: Ղարաբաղը 4500 քառակուսի քիլոմեթր է, բայց հայերը գրաւած են 12,000 քառակուսի քիլոմեթր: Պատերազմներն ալ իրենց օրէնքները ունին, բայց Հայաստան չէ ճանչցած այդ օրէնքները: Պատերազմին պատճառով 20 հազար հոգի մեռաւ, 50 հազար հոգի ալ վիրաւորուեցաւ: 693 դպրոց քանդուեցաւ, 890 քաղաք ու գիւղաքաղաք գետնին հաւասարեցաւ, 695 հիւանդանոց, 922 գրադարան, 9 աղօթատեղի, 469 յուշարձան ու թանգարան, 160 կամուրջ քանդուեցաւ, քանդուեցան նաեւ ջուրի ու կազի հազարաւոր խողովակաշարեր: Այս բոլորը սարսափազդու թիւեր են, Ազրպէյճանի վնասը 60 միլիառ տոլար է: Ասոր համար կը կարօտինք մահմետական երկիրներու զօրակցութեան: Բայց նաեւ շրջանի խաղաղութեան ու երջանկութեան համար պարտաւոր ենք այս հարցը լուծել դիւանագիտական միջոցներով: Մեզի համար ամէնէն կարեւորը Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնն է, բայց ինչ մեղք, որ ասիկա տակաւին չենք կրցած իրականացնել: ՄԱԿ-ը թուղթի վրայ իբրեւ թէ այս հարցին լուծումը կ՛ուզէ, բայց իրականութեան մէջ կը տեսնենք, որ որեւէ քայլ չէ առնուած: Այս աշխարհի մէջ իրաւացի ըլլալը բաւարար չէ, պէտք է ըլլալ նաեւ ուժեղ»:
Բանախօսութենէն ետք ներկաները հետաքրքրական հարցումներ ուղղեցին Կուլիեւին: «Էքսիմ պանք»-ի Պուտափեշթի տնօրէնը հարցուց, որ Հայաստանի հետ ինչպէ՞ս են Ազրպէյճանի յարաբերութիւնները: Կուլիեւ պատասխանեց, որ յարաբերութիւն չկայ, թէեւ կը լսեն, որ ազրպէյճանական կարգ մը ապրանքներ Հայաստան կը տարուին ու հոն կը վաճառուին: «Մենք մեր հողերը գրաւող երկրի մը հետ կրնա՞նք գործ ընել», հարցուց Կուլիեւ:
Ամէնէն հետաքրքրական հարցումը եկաւ «Գիք» անուն կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Ֆարուք Նաճի Ճէյհանէն, որ հարցուց, որ եթէ Ազրպէյճան զինուորական ու տնտեսական գետնի վրայ Հայաստանէն աւելի զօրաւոր է, ինչո՞ւ ետ չէ կրցած առնել Ղարաբաղը: Այս հարցումին Կուլիեւ տուաւ նոյնքան հետաքրքրական պատասխան մը:
«Մենք փառաւորապէս կրնանք ընել այդ բանը: Բայց պէտք չէ մոռնալ, որ աշխարհի վրայ տարբեր հաւասարակշռութիւններ ալ կան: Ասոնցմէ մէկը Ռուսիոյ հետ ստորագրուած համաձայնագիր մըն է: Այդ համաձայնագիրին համաձայն, եթէ մենք Հայաստանի դէմ պատերազմ հռչակենք, 5 թրքախօս հանրապետութիւններ պիտի ստիպուին Ռուսիոյ հետ միասին կանգնիլ Հայաստանի կողքին: Այն ատեն ալ կրնայ պատահիլ, որ մեր թուրք եղբայրները զիրար կոտորեն: Մենք չենք ուզեր, որ այսպիսի բան մը պատահի»:


