50 Տարի Առաջ ( 19 մայիս 1962 )
Խմբագրական
Պատմութիւնը Պիտի Խօսի
Քանի մը օր առաջ հրատարակեցինք «Փարիզէն Լիպերէն»-ի թղթակից Իվ Կանտոնի յօդուածը, որ կը կրէր «կենդանի եւ մեռած Պոլիսը» խորագիրը: Յօդուածագիրը, որ պարպուած կը թուի ըլլալ ժերար տը ներվալներու եւ փիեռ լոթիներու մեղքէն, թէեւ երբեմն կ՛ազդուի իր հայրենակիցներուն վիպապաշտութենէն, բայց աւելի իրատես աչքերով կը դիտէ այսօրուան Թուրքիան` յաճախ շատ յատկանշական ախտաճանաչումներ կատարելով:
Իր քննութեան առարկան առաւելաբար եղած են Պոլիսն ու Պոլսոյ թուրքերը: Եթէ հետաքրքրութիւնն ունենար մինչեւ Անատոլուի խորերը երթալու, հոն, ուր այսօր բուեր կը վայեն երբեմնի շէն ու կենսախայտ գիւղերու եւ քաղաքներու յիսնամեայ աւերակներուն վրայ, անշուշտ շատ աւելի սեւ պիտի ըլլար իր խարանը, որ կը զգացուի տողերուն ընդմէջէն:
Ֆրանսացի լրագրողին երկար յօդուածէն կատարած մեր քաղուածքներուն մէջ, այսօրուան Թուրքիոյ ախտաճանաչման տեսակէտէն, երկու դիտողութիւններ ակնբախ կը դառնան:
Խօսելով Պոլիսը կերպարանափոխ ընելու Մենտերեսի ծրագրի մասին` Իվ Կանտոն կը գրէ.
«Քանդուած տուներու բնակիչները տեղահան եղան եւ անոնք տակաւին մինչեւ այսօր կը սպասեն իրենց խոստացուած նիւթական հատուցումներուն: Թուրքերը Միշտ ալ ունեցած են քանդելու ճաշակը, վերակառուցանելու մտահոգութիւնը նուազ ընտանի է եղած իրենց: Հիմա տուները վար առնուած են, եւ սակայն վերակառուցանելու համար պէտք եղած վարկը պակսելուն պատճառով, Ալահը միայն գիտէ, թէ ե՞րբ պիտի վերաշինուին»:
Թաքուն երգիծանքով մը Իվ Կանտոն, գուցէ հարեւանցիօրէն, բայց պարկեշտ լրագրողէ մը ակնկալուած պայծառատեսութեամբ, մատը կը դնէ բուն վէրքին վրայ` պատմական ճշմարտութիւն մը վերահաստատելով:
Մենք, որ թուրքին այս մահացու ճաշակը մեր մորթին վրայ զգացած ենք, այս հաստատման մէջ կը տեսնենք պատմութեան անխուսափելի վրէժը, որ կը լուծուի ամէն օր` քաղաքակիրթ ժողովուրդներու արհամարհական վերաբերումով: Այս արհամարհանքը անշուշտ չի վերադարձներ մեզ մեր հայրենական հողերը (Թուրքիան «Հիւանդ մարդն» է, որուն պէտք է միշտ արիւն ներարկել), բայց գոնէ գոհացում կու տայ համատարած ցաւի մը, որ մեր ժողովուրդինն է, աստանդական հայուն, որ իր լքաւեր քաղաքներուն կարօտովը կը տոչորի:
Կարդացէք նաեւ սա տողերը, որոնք լրացումն են, պատճառն ու արդիւնքը նախորդ հաստատման: Բայց այս անգամ թուրքն է, որ կը խօսի.
«Թուրք բնակչութիւնը տարին կը բազմանայ մէկ միլիոնով, իսկ ասոր դէմ արտադրութիւնը կը մնայ անփոփոխ: Թուրքիան աղքատ է, ոչ թէ անոր համար, որ իրեն կը պակսին կարելիութիւնները: Հողագործութիւն, հանքեր, ձկնորսութիւն, բազմաթիւ լարեր ունի իր աղեղին վրայ, սակայն կազմակերպութիւնը գէշ է: Միլիոնաւոր թոներով պտուղներ կը փտին տարուան մը ընթացքին, քաղող ձեռքերու պակասին պատճառով: Պահածոներու գործարաններն ալ գոյութիւն չունին, եւ յետոյ, ամէնէն կարեւորը, ժողովուրդը ծոյլ է: Անոնք կծկտած են անկարգութեան եւ աղտոտութեան մէջ եւ կարծես հաճոյք կը զգան այդ բանէն: Ինչպէ՞ս կարելի է գործունեայ դարձնել այս զգայազիրկ զանգուածը: Ահա լուծելի խնդիրը»:
Եթէ աւելի անկեղծ ըլլար, պիտի ըսէր. «Ահա անլուծելի խնդիրը»:
Իսկ բացարձակ անկեղծութիւնը պիտի պահանջէր, որ ըսուէր.
– Թուրք ժողովուրդը անբուժելիօրէն ծոյլ է: Մեր տունը քանդուեցաւ, երբ մեր նախնիք, ցեղին կոյր մոլեռանդութեամբ, ջարդեցին ու տարագրեցին շինարար ժողովուրդ մը, որ դրախտի գիտէ վերածել անապատներն անգամ: Ինչ որ կատարուած է մեր երկրին մէջ, առաւելաբար գործն է այն շինարար ժողովուրդին, զոր ուզեցինք գերեզմանել: Այսօր թէեւ կ՛ափսոփանք այդ քաղաքական անհեռատեսութեան համար, բայց կը խուսափինք արտայայտուելէ:
Թուրքը ասիկա չ՛ըսեր, բայց իր ըսածներէն օտարը հաստատումներ կը հանէ:
Ու եթէ ան ալ չըսէ, պատմութիւնը պիտի ըսէ:
Սկսած է ըսել արդէն:

