ՀՄԸՄ-Ի ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՎԱՂԸ` ԿԻՐԱԿԻ, 12 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ ԴԱՍԱԿԱՐԳԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի երկրորդական խումբերու յանձնախումբին, վաղը` կիրակի, 10 ապրիլին, «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենան 12 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումները:
Մրցումները պիտի սկսին կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին` երեք դաշտերու վրայ: Վերջին մրցումը պիտի սկսի ժամը 2:30-ին:
Նշենք, որ տեղի ունեցած վիճակաձգութենէն ետք, խմբակներուն պատկերը կը պարզէ հետեւեալ ձեւը.
Ա. ԽՄԲԱԿ.- Անթիլիաս-1, Աքատեմի-4, Ռաուտա եւ Անթիլիաս-2
Բ. ԽՄԲԱԿ.- Սարդարապատ-1, Աքատեմի-2, Անթիլիաս-4 եւ Աքատեմի-3
Գ. ԽՄԲԱԿ.- Աքատեմի-1, Անթիլիաս-3, Սարդարապատ-2 եւ Դրօ
Դ. ԽՄԲԱԿ.- Նիկոլ Դուման եւ Ֆանար:
Ստորեւ կու տանք կիրակի օրուան մրցումներուն յայտագիրը.
ԺԱՄԸ 11:30
Անթիլիաս-1 – Աքատեմի-4
Սարդարապատ-1 – Աքատեմի-3
Աքատեմի-1 – Անթիլիաս-3
ԺԱՄԸ 12:15
Ռաուտա – Անթիլիաս-2
Աքատեմի-2 – Անթիլիաս-4
Սարդարապատ-2 – Դրօ
ԺԱՄԸ 1:00
Նիկոլ Դուման – Ֆանար
Ա. խմբակին առաջին երկու դիրքերը գրաւողները
Բ. խմբակին առաջին երկու դիրքերը գրաւողները
ԺԱՄԸ 1:45
Գ. խմբակին առաջին երկու դիրքերը գրաւողները
Դ. խմբակին առաջինը – նուազագոյն պարտութիւն կրողը
ԺԱՄԸ 2:30
Ա. խմբակին առաջինը – Բ. խմբակին առաջինը (կիսաւարտական)
Գ. խմբակին առաջինը – Դ. խմբակին առաջինին եւ նուազագոյն պարտութիւն կրած մրցումին յաղթականը (կիսաւարտական)