Էն. Պի. Էյ. – Փլէյ-Օֆի Մրցումներ. Օքլահոմա Դուրս Ձգեց Լէյքըրզը
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Օքլահոմա Սիթի (Թանտըր) յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով ապահովեց Արեւմտեան շրջանի աւարտականին իր տոմսը, երբ 4-1 արդիւնքով յառաջացաւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզի վրայ:
Թէեւ երէկուան մրցումին Լէյքըրզի մարզիկներէն Քոպի Պրայընթ նշանակեց 42 կէտ, սակայն անոր կազմը 106-90 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով դուրս մնաց մրցաշարքէն: Օքլահոմայի մարզիկներ Քեւին Տիւրընթ եւ Ռասըլ Ուեսթպրուք միասնաբար նշանակեցին 53 կէտ:
Արեւմտեան շրջանի աւարտականին, այժմ Օքլահոմա պիտի ճակատի Սան Անթոնիօ Սփըրզի դէմ:
Արեւելեան շրջանին մէջ, Պոսթըն Սելթիքս 101-85 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով 3-2 արդիւնքով գերազանցեց Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Պրենտըն Պաս նշանակեց 27 կէտ: Անոնց միջեւ վեցերորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` հինգշաբթի:


