ՀԵԸ. ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Հովանաւորութեամբ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀԵԸ Անդրանիկ-Սեւանի գործադիր մարմնին, երէկ` ուրբաթ, 8 ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ՀԲԸՄ-ի «Զապէլ Մովսէսեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ գեղանկարներու ցուցահանդէս: Մասնակից գեղանկարիչներն էին Սոնիա Փանճարեան, Վազգէն Մուղալեան, Մարօ Թելվիզեան, Յակոբ Գէորգեան, Մարալ Փանոսեան, Ժիրայր Փանոսեան, Հրաչ Այնթապլեան, Անի Սերփեքեան, Ռիթա Մասոյեան-Ետալեան եւ Պետիկ Տուտագլեան:
Ցուցադրուած էին 57 գեղանկարներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր իր յատուկ նիւթը ու գեղանկարչական ոճը: Գեղանկարիչները նկարագրած էին բնութեան տարրերը, իգականութիւնը, հայրենիքը, Լիբանանը, ինչպէս նաեւ մարդկային զգացումներն ու ապրումները: Գեղանկարներու ամբողջական հաւաքածոն հաւաքական ցուցահանդէսին ընդմէջէն փոխանցած էր գեղեցիկ այլազանութիւններ ու խառն պատկերներ:
Նշեալ ցուցահանդէսին ՀԵԸ Անդրանիկ-Սեւանի գործադիր մարմնին անունով խօսք առաւ Յակոբ Թելվիզեան, որ նշեց, թէ ՀԵԸ-ը կը միտի տարբեր մարզերու ընդմէջէն իրականացնել միութեան գաղափարական ուղին` պահպանելու համար հայկական ինքնուրոյնութիւնն ու մշակոյթը: Թելվիզեան աւելցուց, որ այս ցուցահանդէսը նպատակ ունի նաեւ ոգեկոչել Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը:
Ապա խօսք առաւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Կարօ Ճըղըլեան, որ յոյս յայտնեց, որ երիտասարդ գեղանկարիչները դառնան ապագայի փայլուն աստղերը, որոնք պիտի շարունակեն մեծ գեղանկարիչներուն երթը: Ճըղըլեան հաստատեց, որ գեղանկարչութիւնը` իբրեւ մշակոյթի մէկ մասը, ազգապահպանման ծառայող կարեւոր միջոց մըն է:
Զոյգ խօսքերէն ետք, մասնակից գեղանկարիչներուն բաժնուեցան շնորհակալական հաստատագիրներ:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 11 ապրիլ 2011: