ՌԱԼՖ ԵԻՐԻԿԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ «ԱԶԴԱԿ» ԵՒ «ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»

Ռալֆ Եիրիկեան` «Ազդակ»ի մէջ

«Վիվասել- Էմ. Թի. Էս.»ի ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան երէկ առաւօտ այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ: «Ազդակ»ի տնօրէնութիւնը շնորհաւորեց Ռալֆ Եիրիկեանը Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին կողմէ բարձրագոյն պարգեւատրումի արժանանալուն առիթով` նկատելով, որ նման պարգեւատրումի շարժառիթը սերտօրէն կապուած է Հայաստան-Լիբանան յարաբերութիւններու զարգացման երեւոյթին:

Ապա, Եիրիկեան այցելեց «Վանայ Ձայն» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ:

Ռալֆ Եիրիկեան բարձր գնահատեց մամուլին եւ ընդհանրապէս լրատուամիջոցներուն դերակատարութիւնը եւ շեշտեց անոնց կապուած օգտաշատ ծրագիրներուն սատար կանգնելու անհրաժեշտութիւնը:

Այս առիթով Ռալֆ Եիրիկեան միացեալ հարցազրոյց տուաւ «Ազդակ»ին, «Վանայ Ձայն»ին, «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հայերէն բաժանմունքին  եւ «Երկիր մետիա»ին:

Նախագահական պարգեւը

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES