Էն. Պի. Էյ. Սիքսըրզ Պարտադրեց Եօթներորդ Մրցումը
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի Արեւելեան շրջանի կիսաւարտականի Բ. հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ 82-75 արդիւնքով յաղթելով Պոսթըն Սելթիքսի, պարտադրեց եօթներորդ մրցումը` նկատի ունենալով, որ այժմ արդիւնքը անոնց միջեւ կ՛ընթանայ 3-3 հաւասարութեամբ:
Սելթիքսի մարզիկներ Փոլ Փիրս եւ Քեւին Կառնեթ յաջորդաբար նշանակեցին 24 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 20 կէտ, 11 ռիպաունտ:
Անոնց միջեւ վերջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի օր:
CATEGORIES Մարզական

