ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԶԱՅՐԱՑՈՒՑԱԾ Է ԹՈՒՐՔԵՐԸ
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեանի լուսանկարն ու յայտարարութիւնը հինգշաբթի օր յայտնուած էին թրքական համացանցային բազմաթիւ լրատուամիջոցներու առաջին էջերուն վրայ` «Հայ ղեկավարը կը պահանջէ Կարսը» վերնագիրով:
Պատճառը 6 ապրիլին «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի կազմակերպած «Հարիւր հարցում եւ հարիւր պատասխան» խորագիրով քննարկման ժամանակ Վահան Յովհաննիսեանի` Կարս քաղաքին վերաբերեալ կատարած յայտարարութիւնն է, որ զայրացուցած է Կարս քաղաքին նախկին քաղաքապետ Նայիֆ Ալիպէյօղլուն:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Կարսի նախկին քաղաքապետը ըսած է, որ «այս հողերը մեր պապերուն կեանքին եւ արեան գնով ազատագրուած հողերն են: Թշնամանքը յաւերժ պէտք չէ ըլլայ: Մենք հայ ժողովուրդին հետ որեւէ խնդիր չունինք: Այսպիսի ցեղապաշտական եւ ֆաշական կուսակցութիւններու երեւակայական ցանկութիւնները կ՛ամրապնդեն ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող թշնամանքը: Ժողովուրդներուն միջեւ թշնամանք սերմանող նմանատիպ գործելաոճերը կը հարուածեն շրջանային խաղաղութիւնը: Ես կը քննադատեմ այդ կուսակցութիւնն ու անոր անհիմն յայտարարութիւնը: Այդպիսի յայտարարութիւնները երեւակայութեան արգասիք են»:
Վահան Յովհաննիսեանի յայտարարութիւնը քննադատած են նաեւ այլ կարսեցիներ:
Նշենք, որ Վահան Յովհաննիսեան պատասխանելով քննարկման ներկաներէն մէկուն հարցումին յայտնած էր, որ ինք կը փափաքէր Կարսի նահանգապետ ըլլալ: