«Սուրիա Իր Ժողովուրդին Տոկունութեան Եւ Իր Միասնականութեան Կառչածութեան Շնորհիւ Կրնայ Տագնապը Յաղթահարել» Կ՛ըսէ Ասատ

Թաքիսփուր եւ Ասատ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Իրանի հաղորդակցութեան նախարար Ռիտա Թաքիփուրի հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիա յաջողած է տարիներէ ի վեր իր ենթարկուած ճնշումներն ու սպառնալիքները յաղթահարել եւ անիկա իր ժողովուրդին տոկունութեան, միասնականութեան ու անկախութեան կառչածութեան շնորհիւ կրնայ ներկայ տագնապն ալ յաղթահարել:

Թաքիփուր Ասատի փոխանցեց Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի կողմէ գրաւոր նամակ մը, որուն մէջ Ահմատինեժատ Ասատը կը հրաւիրէ յառաջիկայ սեպտեմբերին Թեհրանի մէջ ոչ յանձնառու երկիրներու վեհաժողովին մասնակցելու:

Ըստ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան, հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է Սուրիոյ կացութիւնը եւ իրանցի նախարարը յայտնած է, որ ներկայ Սուրիոյ դիմագրաւածը կ՛իյնայ ամբողջութեամբ շրջանը թիրախ դարձնող համապարփակ ծրագիրի մը ծիրին մէջ` վստահեցնելով, որ սուրիացի ժողովուրդին  դիմագրաւած արտակարգ կացութեանց զօրակցելու Իրանի կեցուածքը ամուր կը մնայ:

«Սի.Էն.Էն.» հաղորդեց, որ Սուրիոյ ազգային խորհուրդը ընդունած է իր նախագահ Պուրհան Ղալիունի հրաժարականը, սակայն պիտի շարունակէ պաշտօնավարել մինչեւ յունիս, երբ խորհուրդին նոր ղեկավարը պիտի ընտրուի:

Արեւմուքցի դիւանագէտներ պարբերաբար կը դժգոհէին, որ Սուրիոյ ազգային խորհուրդը, որուն կեդրոնատեղին Պոլսոյ մէջ է, միասնական եւ նպատակային չէ:

Ղալիուն բազմաթիւ անգամներ փորձած է միաւորել Սուրիոյ ազգային խորհուրդի 270 անդամները, սակայն ի զուր: Մարտին կառոյցի քսան անդամներ` դժգոհելով Ղալիունի գործելաոճէն, դուրս եկան խորհուրդէն եւ ստեղծեցին նոր կազմակերպութիւն մը` Սուրիոյ հայրենասիրական խումբը:

«Ես երբեք չեմ դառնար պառակտման գործիք: Կոչ կ՛ուղղեմ կողմերուն կարելի եղածին չափ շուտ հանդիպիլ, որպէսզի ձեւակերպուին ազգի միաւորման պայմանները եւ բոլոր տարակարծութիւնները լուծուին», ըսած է ան իր տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի հետաքննիչներ յայտնեցին, որ Սուրիոյ մէջ ոտնձգութեանց մեծամասնութիւնը կը գործուի սուրիական բանակին կողմէ: Անոնք նշեցին, որ Սուրիոյ մէջ զինուորներու մահապատիժի կշռոյթը կ՛արագանայ:

Նշենք, որ Սուրիոյ խորհրդարանը երէկ գումարեց իր առաջին նիստը, որուն ընթացքին Մուհամատ Ժիհատ Լահամար Սուրիոյ նոր խորհրդարանի նախագահ ընտրուեցաւ:

 

Share this Article
CATEGORIES