Էն. Պի. Էյ.- Հիթ Եւ Սփըրզ 1-0 Արդիւնքով Կը Յառաջանան

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան Արեւելեան շրջանի աւարտական առաջին մրցումին, Մայեմի Հիթ 93-79 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով այժմ 1-0 արդիւնքով կը յառաջանայ Պոսթըն Սելթիքսի վրայ: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Լեպրըն Ճէյմս նշանակեց 32 կէտ եւ 13 ռիպաունտ, մինչ Քեւին Կառնեթ` (Սելթիքս)` 23 կէտ:

Նշենք, որ Սելթիքս նախորդ շաբաթավերջին 4-3 արդիւնքով յաղթեց Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզի` եօթներորդ եւ վերջին ճակատումին 85-73 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով:

Իր կարգին, Սան Անթոնիօ Սփըրզ 1-0 արդիւնքով կը գերազանցէ Օքլահոմա Սիթին` շնորհիւ իր արձանագրած յաղթանակին (101-98):

 

Share this Article
CATEGORIES