50 Տարի Առաջ ( 31 մայիս 1962 )

Ս. Յակոբ Վարժարանի
Մանկապարտէզի Հանդէսը

Ս. Յակոբ ազգային բարձրագոյն նախակրթարանի մանկապարտէզի հանդէսը տեղի ունեցաւ 20 մայիս 1962, կիրակի կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին բարձր հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեանի եւ նախագահութեամբ թաղիս յարգուած ազգայիններէն, Վահան Ղորղորեանի:

Ներկաներուն, որոնք ժամանակէն առաջ լեցուցած էին սրահը, հրամցուեցաւ կոկիկ եւ խնամուած յայտագիր մը Մանկապարտէզի պատասխանատու ուսուցչուհիները ճիգ չէին խնայած, որ հանդէսը ըլլայ հաճելի խանդավառ ու փայլուն: Ի՜նչ երանութիւն էր այն, որ կը լեցնէր ծնողներուն սրտերը` ի տես իրենց զաւակներու թոթովանքին ու դեդեւուն շարժումներուն: Քսանվեց վկայեալները, այդ սիրուն, անգիտակ հոգիները, որոնք կը զարդարէին այդ բեմը, վաղը պիտի դառնան մեր ազգային կեանքը գեղեցկացնող փառքերը: Ի՜նչ մեծ հաճոյք է կարենալ հասկնալ այդ մանուկները եւ իրենց այդ ժպիտներուն մէջէն կարենալ վայելել անոնց ապագայ մեծութիւնը:

Սրբազան հայրը, որ անձամբ պատուած էր այդ համեստ ձեռնարկը, իր խօսքին մէջ մասնաւորաբար շեշտեց. «Ազգային պատասխանատու մարմինները ճիգ չեն խնայեր, որեւէ զոհողութեան առջեւ չեն ընկրկիր, որպէսզի  մեր կրթական գործը բարձրանայ իր արժանի դիրքին: Շուտով իրականութիւն կը դառնան «Սուրէն Խանամիրեան» եւ «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» ազգային քոլեճները: Ամէն ջանք ի գործ կը դրուի, որ մեր կրթարանները, մանաւանդ` մանկապարտէզները, դառնան տիպար կրթական հաստատութիւններ: Մեր ծնողները դժգոհելու, գանգատելու որեւէ պատճառ չունին, եթէ իրենց հոգիներուն մէջ բոյն դրած չէ օտարամոլութեան վարակիչ ու քանդող հիւանդութիւնը: Ազգին այս բոլոր զոհողութիւններուն փոխարէն` իրենց զաւակները պէտք է յանձնեն մեզի եւ ասիկա, իրենց եւ իրենց զաւակներու օգտին համար, որպէսզի իրենց զաւակները ստանան հիմնական, լուրջ, ազգային կրթութիւն, դառնան տիպար հայեր ու մարդեր եւ որպէսզի իրենք` ծնողները, յուսախաբ չըլլան, եթէ օտար վարժարաններ այլանդակեն, խորթացնեն իրենց զաւակները որպէս հայ եւ որպէս սոսկական մարդու նկարագիր:

Օրուան նախագահը, զգացուած սրբազան հօր խօսքերէն եւ հանդէսի շքեղութենէն, ուզեց իր սրտաբուխ մասնակցութիւն բերել այն մեծ զոհողութեան, որ կ՛ըլլայ ազգային կրթարաններու նկատմամբ, իրեն յատուկ առատաձեռնութեամբ դպրոցին նուիրելով 500 լ. ոսկի:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 Համազգայինի Հաւաքոյթը Ի Պատիւ
Բ
. Թաշեանի Եւ Բ. Կռանեանի

Ուրբաթ, 25 մայիս, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ճեմարանի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ քոքթէյլ-հաւաքոյթ մը, ի պատիւ «Յուսաբեր»-ի խմբագիր եւ ծանօթ մտաւորական Բենիամին Թաշեանի եւ Քալիֆորնիոյ հայ կրթական հիմնարկութեան վարիչ-քարտուղար Բիւզանդ Կռանեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան:

Հրաւիրուած էին պետական հայ երեսփոխանները, Համազգայինի զանազան մասնաճիւղերու վարչութեանց դիւանները եւ պաշտօնական այլ անձնաւորութիւններ ու համակիրներ:

Հաւաքոյթը վարեց տոքթ. Եղիկ Գոնեալեան, որ մտերմական ու զուարթ մթնոլորտի մը մէջ յաջորդաբար խօսք տուաւ Սիմոն Վրացեանին, Կարօ Սասունիին, Վարդգէս Շամլեանին, բժիշկ Երուանդ Խաթանասեանին եւ Անդրանիկ Ուրֆալեանին, որոնք ընդհանրապէս շեշտեցին մշակութային ճակատի վրայ հայ ժողովուրդին իրագործած նուաճումները եւ մշակոյթին փրկարար դերը` հայ ժողովուրդի գոյատեւման եւ յառաջդիմութեան պայքարին մէջ:

Ի վերջոյ, խօսքը տրուեցաւ յարգելի հիւրերուն` Բիւզանդ Կռանեանին եւ Բենիամին Թաշեանին, որոնք շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք իրենց ի պատիւ տրուած այս հաւաքոյթին համար, պանծացուցին մեր մշակոյթը, որ հայ ժողովուրդին գոյութեան հիմնաքարը կը կազմէ:

Եղան մեներգներ եւ արտասանութիւններ` Ա. Փեհլիվանեանի, Գէորգ Էմմիեանի եւ Թաթուլ Այնեճեանի կողմէ:

Share this Article
CATEGORIES