Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի Ատենապետը

Երէկ` ուրբաթ, 1 յունիս 2012-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի գլխաւորութեամբ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Գրիգոր Սողոմոնեանը: Անոր կ՛ընկերակցէին ազգայիններ` Աւստրալիայէն եւ Լիբանանէն:

Սողոմոնեան տեղեակ պահեց վեհափառը Աւստրալիոյ մէջ Հայ դատի յանձնախումբին կատարած աշխատանքներուն ու ձեռք ձգած յաջողութիւններուն մասին: Վեհափառը մեծապէս գնահատեց ազգային պահանջատիրութեան գծով Աւստրալիոյ մէջ կատարուող աշխատանքները` յիշեցնելով, որ ազգային պահանջատիրութիւնը մեր բոլոր գաղութներուն ու ժողովուրդի զաւակներուն համար պէտք է միշտ մնայ համահայկական առաջնահերթութիւն: Այս առիթով վեհափառը ընդհանուր գիծերով պարզեց վերջին ամիսներուն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ձեռքբերման գծով տարուող աշխատանքները:

 

Share this Article
CATEGORIES