2-3 Յունիսին Երեւանի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Ֆութսալի Միջազգային Դիւանագիտական Մրցաշարք
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ 2-3 յունիսին, Երեւանի մէջ գտնուող հայ-ռուսական (սլաւոնական) համալսարանի մարզական սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ֆութսալի միջազգային դիւանագիտական 4-րդ մրցաշարքը` նուիրուած Ուքրանիոյ եւ Լեհաստանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանին:
Մրցաշարքին կը մասնակցին Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան խումբերը:
Պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ այսօր, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 10:00-ին, իսկ մրցումները կը սկսին ժամը 11:00-ին: Մրցաշարքի փակման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ 3 յունիսին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին:
CATEGORIES Մարզական

