ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՊԱԺԺԷ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ՏՂՈՑ Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ
Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Լիբանանի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական հանգրուանի Պաժժէ – Թըպնին երրորդ ճակատումը:
Պաժժէ 57-54 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով եւ 3-0 արդիւնքով գերազանցելով իր մրցակիցը, հանդիսացաւ Բ. դասակարգի ախոյեան:
Պաժժէ բարձրացաւ Ա. դասակարգ, մինչ Թըպնին փլէյ-օֆի մրցում պիտի կատարէ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան նախավերջին դիրքը գրաւած Շապապի հետ (Զահլէ):
Նշենք, որ Լուէյզի հանդիսացաւ երրորդ` 2-0 արդիւնքով գերազանցելէ ետք Շեպիպեթ Քաունթրի Լոճը:
Նշենք, որ Պաժժէ- Թըպնին աւարտական մրցումի ախոյեանին տիտղոսը յանձնեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Պարաքեթ:
CATEGORIES Մարզական