Հինգ Տարուան Բացակայութենէ Մը Ետք Սելթա Վիկօ Վերադարձաւ «Լա Լիկա»
Նախորդ շաբաթավերջին, Սպանիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան գծով իր կատարած մրցումին, Սելթա Վիկօ իր դաշտին վրայ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք Քորտոպայի հետ, վերադարձաւ «Լա լիկա» 5 տարուան բացակայութենէ մը ետք:
Անիկա 42-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք ապահովեց 85 կէտ եւ վերջնական դասաւորման մէջ գրաւեց երկրորդ դիրքը` Բ. դասակարգի ախոյեան հանդիսացած Տեփորթիւօ Քորունայէն վեց կէտով ետ մնալով:
Երրորդ եւ վերջին տոմսին համար այժմ փլէյ-օֆի մրցում պիտի կատարեն Ռէալ Վայատոլիտ, Ալքորքոն, Հերքուլես եւ Քորտոպա:
Նշենք, որ Բ. դասակարգ փոխադրուած կազմերն են Ռասինկ Սանթանտեր, Սփորթինկ Խիխոն եւ Վիարէալ:
CATEGORIES Մարզական

