Էն. Պի. Էյ. – Սելթիքս – Հիթ` 2-2
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան Արեւելեան շրջանի աւարտականի չորրորդ մրցումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ, իրարու դէմ հանեց Պոսթըն Սելթիքսը եւ Մայեմի Հիթը: Նախքան այս չորրորդ մրցումը, Հիթ 2-1 արդիւնքով կը յառաջանար: Սակայն Սելթիքս երկարաձգման ընթացքին 93-91 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել (2-2):
Մրցումին արդիւնքը կրնար հակառակը ըլլալ, եթէ աւարտէն (երկարաձգման ընթացքին) 37 երկվայրկեան առաջ Հիթի մարզիկներէն Տուայն Ուէյտ երեք կէտնոց կողովը նշանակէր:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Փոլ Փիրս նշանակեց 23 կէտ, իսկ Լեպրթըն Ճէյմս (Հիթ)` 29 կէտ: Սելթիքսի վեթերան մարզիկ Քեւին Կառնեթ նշանակեց 17 կէտ եւ 14 ռիպաունտ, մինչ նոյնինքն Ուէյտ` 20 կէտ:
Անոնց միջեւ հինգերորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` չորեքշաբթի:
Այսօր տեղի պիտի ունենայ Արեւմտեան շրջանի աւարտականի մրցումին հինգերորդ մրցումը, երբ Սան Անթոնիօ Սփըրզ պիտի հիւրընկալէ Օքլահոմա Սիթին: Այժմ արդիւնքը կ՛ընթանայ 2-2 հաւասար:

