Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում. Այսօր` Հայաստան – Ղազախստան

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, այսօր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Ղազախստանը: Մրցումը սկիզբ պիտի առնէ ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

Մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Վրաստանէն` գլխաւորութեամբ Մամուկա Քվարաչխելիացի:

Գրաւի գրասենեակներուն համաձայն, թէեւ մրցումին յաղթականը կը նկատուի Հայաստան, սակայն այդ ուղղութեամբ ոչ մէկ հաստատում կարելի է կատարել, ո՛չ դրական եւ ո՛չ ալ բացասական:

Նշենք, որ երէկ, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտի մամլոյ ասուլիսներու սրահին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ան պատասխանեց լրագրողներուն բազմաթիւ հարցումներուն:

Անդրադառնալով Յունաստանի դէմ Հայաստանի կրած պարտութեան` ան ըսաւ, որ եթէ Բ. կիսախաղին ներկայացած առիթները կոլի վերածուէին, իր կազմը յաղթանակ կրնար արձանագրել:

Ինչ կը վերաբերի այսօրուան այս մրցումին, ան ըսաւ, որ խումբին մարզիկները բոլորն ալ բարձր տրամադրութեան մէջ են եւ իրենց փորձերը կը շարունակեն կատարել մեծ խանդավառութեամբ:

Ան եզրափակեց ըսելով, որ Հայաստան – Ղազախստան այսօրուան մրցումին հիմնական բերդապահը պիտի ըլլայ Գէորգ Գասպարով:

 

Share this Article
CATEGORIES