Վարչապետ Միքաթի Քննարկեց Երկրին Ապահովական Իրադարձութիւնները
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Բրիտանիոյ մէջ Միջազգային դրամատան ներկայացուցիչ Ռոպըրթ Նայճըլը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրի:
Հանդիպումէն ետք Ֆլեչըր յայտնեց, որ իրենք մտահոգութեամբ կը հետեւին Թրիփոլիի կացութեան:
Վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաարի հետ:
Հանդիպումէն ետք միւֆթի Շաար յայտնեց, որ Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի բնակիչները պէտք է իրարու նկատմամբ հասկացողութիւն ցուցաբերեն, որովհետեւ երկուքն ալ այս երկրին զաւակներն են:
Ան յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի իրեն պարտականութիւն տուած է մշակել այնպիսի ծրագիր մը, որուն հիման վրայ Թրիփոլիի մէջ փոխադարձ հանդուրժողութիւնը կարելի կ՛ըլլայ ամրապնդել:
Թրիփոլիի կացութեան մասին վարչապետ Միքաթի քննարկումներ կատարեց նաեւ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի հետ:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ Լիւքսամպուրկի առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարար Էթիեն Շնայտըր, ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ Ընդհանուր անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ:


