Էն. Պի. Էյ.- Օքլահոմա – Սփըրզ` 3-2
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան Արեւմտեան շրջանի աւարտականի հինգերորդ ճակատումին, երէկ Օքլահոմա Սիթի (Թանտըր) 108-103 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով 3-2 արդիւնքով գերազանցեց Սան Անթոնիօ Սփըրզը:
Կը կարծուէր, որ Սփըրզ շատ մեծ դիւրութեամբ պիտի հանդիսանայ Արեւմտեան շրջանի ախոյեան` նկատի ունենալով, որ անիկա առաջին երկու մրցումներուն յաղթած էր Օքլահոմայի: Սակայն այժմ կացութիւնը տարբեր է, եւ Օքլահոմա յաղթանակ մը եւս արձանագրելու պարագային պիտի հանդիսանայ այս շրջանի ախոյեան, որմէ ետք պիտի մրցի Արեւելեան շրջանի ախոյեանին դէմ:
Երէկուան այս մրցումին Թանտըրի մարզիկներէն Քեւին Տիւրընթ եւ Ռասըլ Ուեսթպրուք յաջորդաբար նշանակեցին 27 եւ 23 կէտ, իսկ Սփըրզի մարզիկ Մանիւ Կինոպիլի նշանակեց 34 կէտ:
Անոնց միջեւ 6-րդ մրցումը տեղի կ՛ունենայ վաղը` հինգշաբթի:
Ինչ կը վերաբերի Արեւելեան շրջանի աւարտականին, այսօր Մայեմի Հիթ կը հիւրընկալէ Պոսթըն Սելթիքսը: Յաղթականը 3-2 արդիւնքով պիտի գերազանցէ պարտեալը:

