«Հաւատալ Կը Նշանակէ Ճանչնալ, Ապրիլ Եւ Մասնակցիլ» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երեքշաբթի, 5 յունիս 2012-ի  առաւօտուն, իր պատգամը ուղղելով Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ Սուրբ Գրոց սերտողութեան հետեւող աւելի քան 150 տիկիններուն, Արամ Ա. կաթողիկոս ոչ միայն շեշտեց հաւատքի կենսական կարեւորութիւնը մարդու կեանքին մէջ, այլ նաեւ բացատրեց հաւատքի իմաստը եւ հրամայականը:

Վեհափառը ընդհանուր ակնարկ մը նետելով հաւատքի իմաստին ու դրդապատճառին վրայ, ըսաւ, թէ մարդը անկատար արարած մը ըլլալով հաւատալը գերիվեր ուժի մը իր կազմախօսական դրութեան բնական հետեւանքն է: Ահա թէ ինչու հին դարերէն սկսեալ մարդը հաւատացած է բնութեան առնչուած ուժերուն: Քաղաքակրթութեան յառաջացումով, գիտութեան զարգացումով ու մարդկային բանականութեան մշակումով, մարդու հաւատքի առարկան եւս իր ներքին զարգացման ընթացքը ունեցած է: Քրիստոս` Աստուծոյ Որդին, եկաւ ըսելու, թէ ինքն է ճշմարտութիւնը: Եզրակացնելով իր խօսքը` վեհափառը ըսաւ, թէ քրիստոնեային համար իր հաւատքի առարկան մարդեղացեալ Քրիստոսն է, որ ցոյց տուաւ դէպի Աստուած տանող ճշմարիտ ճամբան:

Մեկնելով այս իրողութենէն` վեհափառը ըսաւ, որ հաւատալը սոսկ Քրիստոսը ընդունիլ չէ իբրեւ մեր կեանքի ճշմարտութիւնը եւ նպատակը: Հաւատալը ունի իր շօշափելի հետեւանքները: Եւ այս ընթացքին իբրեւ առաջին հանգրուան, վեհափառը ըսաւ, որ ամէն բանէ առաջ հաւատալը կ՛ենթադրէ ճանչնալ մեր հաւատքի առարկան, մեր հաւատքին առնչուած ճշմարտութիւնները եւ երեւոյթները: Այս մօտեցումը առաւելաբար քրիստոնէութեան յատուկ երեւոյթ մըն է: Քրիստոնէութիւնը կը քաջալերէ քրիստոնեան բանականութեան ճամբով ճիգ մը կատարելու ճանչնալու իր հաւատքին խորքը եւ իմաստը, այս ընթացքին մէջ «ինչո՞ւ» եւ «ինչպէ՞ս» հարցադրումները կատարելով, սակայն առանց հեռանալու հաւատքէն, որ հիմնուած է աստուածային յայտնութեան վրայ: Այլ խօսքով ` վեհափառը շեշտեց հաւատքի ու բանականութեան սերտ յարակցութիւնը: Սուրբ Գրոց սերտողութիւնը, աստուածաբանութիւնը, կրօնական գիտելիքներու ուսուցումը կ՛օժանդակեն քրիստոնեային գիտակցական խորք տալու իր հաւատքին:

Իբրեւ երկրորդ կէտ, վեհափառը շեշտեց, թէ քրիստոնէական հաւատքը պէտք չէ միայն գիտնալ, այլ անհրաժեշտ է զայն ապրիլ, մեր կեանքին մէջ գործնական արտայայտութիւն տալ անոր: Վեհափառը յիշեց Քրիստոսի խօսքը, թէ` ան որ ինծի կը հաւատայ, թող խաչը առնէ եւ ետեւէս գայ. ան յիշեց նաեւ Առաքեալին խօսքը, թէ` հաւատքը գործով պէտք է թարգմանել: Քրիստոնեայ մարդուն կեանքը պէտք է դառնայ իր հաւատքի հայելին, իր հաւատքի հրամայականը շօշափելի արտայայտութիւն պէտք է գտնէ քրիստոնեայ մարդուն մտածողութեան, կեանքին ու գործին մէջ, այլապէս, ան կը դառնայ զգացական հոգեվիճակ մը:

Ապա, վեհափառը իբրեւ երրորդ կէտ շեշտեց մասնակցութիւնը, իբրեւ քրիստոնէական հաւատքի ամէնէն հիմնական արտայայտութիւններէն մէկը: Ան ըսաւ, թէ քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ մասնակցիլ եկեղեցւոյ կեանքին: Չմոռնանք, որ եկեղեցին Քրիստոսի խորհրդական մարմինն է. Քրիստոս ըսաւ, թէ` հոն, ուր քանի մը հոգիներ իմ անունովս հաւաքուած են, ես հոն եմ: Հետեւաբար, քրիստոնեային տեղը հոն է` քրիստոսակեդրոն համայնքին մէջ: Այս ծիրին մէջ վեհափառը անդրադարձաւ, որ արեւմտեան քրիստոնէութեան մօտ սկսած է վտանգաւոր մտածելակերպ մը զարգանալ, ըստ որուն, «հաւատալ»-ը եւ «պատկանիլ»-ը տարբեր բաներ են: Մերժելով այս մօտեցումը` վեհափառը շեշտեց, որ հաւատալը կ՛ենթադրէ պատկանիլ եւ պատկանիլը հաւատալ` կարելի չէ զանոնք իրարմէ անջատել:

Եզրակացնելով իր պատգամը` վեհափառը ըսաւ, թէ այս հասկացողութեամբ մենք պէտք է մեր քրիստոնէական հաւատքը ըմբռնենք, ապրինք` գործօն մասնակցութիւն բերելով մեր եկեղեցւոյ հաւաքական կեանքին ու առաքելութեան: Վեհափառը գնահատեց տիկիններուն մասնակցութիւնը Սուրբ Գրոց սերտողութեան եւ թելադրեց, որ երիտասարդ օրիորդները եւ հարսերը աւելի մեծ թիւով իրենց մասնակցութիւնը բերեն նման նախաձեռնութիւններուն:

Յայտնենք, որ նախանցեալ տարիներուն նման, անցնող ամիսներուն եւս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական բաժանմունքին կազմակերպութեամբ ամէն երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 10:00-էն 12:00 Սուրբ Գրոց սերտողութիւն տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ, աւելի քան 150 տիկիններու մասնակցութեամբ: Սերտողութիւնը կատարեցին միաբան հայրեր: Յառաջիկայ տարի, վեհափառին թելադրութեամբ, դասընթացքը պիտի կեդրոնանայ առաւելաբար հայ եկեղեցւոյ ծէսին եւ խորհրդակատարութեան վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES