Համազգայինի Բազմամեայ Պարուսոյց Ֆելիքս Յարութիւնեանի Յիշատակին Նուիրուած Արժանավայել Երեկոյ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան, երէկ` չորեքշաբթի, 6 յունիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի բազմամեայ վաստակաշատ պարուսոյց Ֆելիքս Յարութիւնեանի յիշատակին նուիրուած երեկոյ` ներկայութեամբ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, արուեստագէտներու, արուեստասէրներու, համազգայնականներու եւ բարեկամներու:

Սիլվա Քիւրքճեան

Յարութիւնեանին յիշատակը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելէ ետք, երեկոյի բացման խօսքը արտասանեց Սիլվա Քիւրքճեան, որ նշեց, թէ Ֆելիքս Յարութիւնեան հայրենի այն արուեստագէտներէն էր, որ 1993-ին Լիբանան հաստատուելով իր մեծ ներդրումը ունեցաւ պարարուեստի մարզին մէջ: Քիւրքճեան ըսաւ, որ Յարութիւնեանի նուիրուած նշեալ յուշ երեկոն երախտագիտութեան արտայայտութիւն է` յարգելու Համազգայինի «Քնար» եւ «Գայեանէ» պարախումբերու 19 տարուան պարուսոյցին յիշատակը:

Ապա ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի սենեկային նուագախումբը` խմբավարութեամբ Կարօ Աւեսեանի: Ֆելիքս Յարութիւնեանի կենսագրութիւնն ու անոր մասին վկայութիւններ փոխանցող տեսերիզի ցուցադրութեան յաջորդեց Մշակոյթի, կենսոլորտի եւ աւանդութիւններու ազգային համախմբումի նախագահ Անթուան Ապու Ժաուտէի խօսքը:

Անթուան Ապու Ժաուտէ

Վերջինս յայտնեց, որ Ֆելիքս Յարութիւնեան արուեստի մարզին մէջ անկրկնելի իւրայատուկ երեւոյթ մըն է, որ կարողութիւնը ունի տարբեր ժողովուրդներու պարերը բեմականացնելու ամենայն հարազատութեամբ: Ապու Ժաուտէ շեշտեց, որ Յարութիւնեան ոչ միայն հայկական, այլեւ լիբանանեան ընկերութեան մէջ պարարուեստի մարզի զարգացման առնչութեամբ ունեցած է իր գործօն եւ կարեւոր ազդեցութիւնը:

Ապու Ժաուտէի խօսքէն ետք Համազգայինի «Քնար» պարախումբը ներկայացուց «Անուրջներ»-ը, իսկ «Գայեանէ» պարի դպրոցը` «Հայի աչեր»-ը: Ուսամա Ռահպանիի, Տանիէլ Ռահպանիի եւ Ղատի Ռահպանիի վկայութիւնները փոխանցող տեսերիզի ցուցադրութեան յաջորդեց «Քնար»-ի կատարողութեամբ «Իլիկներ» եւ «Մարտական» պարերու ներկայացումը:

Յակոբ Լատոյեան

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Յակոբ Լատոյեան, որ նշեց, թէ 19 տարիներու ընթացքին Յարութիւնեան անընդմէջ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ քրտինք թափեց եւ կոկորդ մաշեցուց` միատեղելով բոլոր խաւերէն երիտասարդներ եւ պատրաստելով մշակուած սերունդներ: Լատոյեան ըսաւ, որ Յարութիւնեան միութենական հասկացողութիւն ունէր եւ կը հաւատար հաւաքական աշխատանքին, ինչ որ այսօր դժբախտաբար բազմաթիւ արուեստագէտներու քով կը պակսի:

Անդրադառնալով անցնող տարիներուն Համազգայինի ընտանիքին ունեցած կորուստներուն` Յակոբ Լատոյեան յայտնեց, որ Համազգայինը պիտի շարունակէ գործել Գրիգոր Շահինեանի շուքով, Զոհրապ Թորիկեանի խստապահանջութեամբ, Կարինէ Ալեքսանտրեանի բծախնդրութեամբ եւ Ֆելիքս Յարութիւնեանի երեւակայութեամբ ու ստեղծագործ ոգիով:

Յակոբ Լատոյեան նշեց, որ Հայաստան – սփիւռք շօշափելի գործակցութեան ամուր կամուրջ մը հանդիսացած է Յարութիւնեան, որ հաւատացած էր սփիւռքի կարեւորութեան եւ երիտասարդութեան: Այս գծով ան շեշտեց, որ Հայաստանէն գեղարուեստի մարզի իւրաքանչիւր ներկայացուցիչ լիբանանահայ գաղութին մէջ հայրենիքի ոգեղէն դեսպանն է:

Իր խօսքի աւարտին Լատոյեան ըսաւ. «Այսօր, պարո՛ն Ֆելիքս, մենք այս սրահին մէջ քու անմահութեանդ կենացը կը խմենք եւ մեր հոգիները լեցուած են քեզմով, մտքերը փոթորկած են եւ բոլորս, իբրեւ քու լաւ բարեկամներդ, կ՛ըսենք. «Կենա՛ցդ»:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքէն ետք, Սիլվա Քիւրքճեան ընթերցեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ցաւակցագիրը, որուն մէջ նշուած է, թէ Յարութիւնեան մեծապէս նպաստած է սփիւռք-Հայաստան կապերու ամրապնդման, լիբանանահայ գաղութի պարարուեստի մարզի զարգացման եւ սերունդներու առողջ դաստիարակութեան:

Յարութիւնեանի վկայութիւնները փոխանցող տեսերիզով փակուեցաւ յիշատակի երեկոն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES