Էն. Պի. Էյ.- Սելթիքս – Հիթ` 3-2

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան Արեւելեան շրջանի աւարտականի հինգերորդ մրցումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ, աւարտեցաւ Պոսթըն Սելթիքսի յաղթանակով: Վերջինս 94-90 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մայեմի Հիթը: Սելթիքս, որ իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք այժմ 3-2 արդիւնքով կը գերազանցէ Հիթը, վաղը իր դաշտին վրայ եթէ յաղթանակ մը եւս արձանագրէ, պիտի հանդիսանայ իր շրջանի ախոյեան: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քեւին Կառնեթ նշանակեց 26 կէտ եւ 11 ռիպաունտ, իսկ Հիթի մարզիկներ Լեպրըն Ճէյմս եւ Տուայն Ուէյտ յաջորդաբար` 30 եւ 27 կէտ:

Այսօր, Օքլահոմա Սիթի (Թանտըր), որ 3-2 արդիւնքով կը գերազանցէ Սան Անթոնիօ Սփըրզը, կրնայ հանդիսանալ ախոյեան, երբ պարտութեան մատնէ իր հիւրը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES