«ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԲԱՌԱՄԹԵՐՔԸ ՑԵԽԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐԷ ԶԵՐԾ ՊԷՏՔ Է ՊԱՀԵԼ» ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ

Նախագահ Սլէյման եւ նախարար Պարուտ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման անցեալ շաբաթավերջին ընդգծեց քաղաքական բառամթերքէն ցեխարձակումները զերծ պահելու եւ երկխօսութեան կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը` կոչ ուղղելով հանրային գործիչներուն, պատասխանատուներուն, հեղինակութիւններուն եւ ղեկավարութեանց Լիբանանի գերագոյն շահերը աւելի բարձր դասելու, որովհետեւ անոնք են Լիբանանի ազգային կամքը մարմնաւորողները:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ լիբանանեան ներքին հարցերուն լուծումը կարելի կ՛ըլլայ միայն երկխօսութեան, գործակցութեան եւ ազգային միասնականութեան միջոցով: Ան վերահաստատեց իր կոչը` ներլիբանանեան որեւէ բանավէճի առաջքը առնելու, «որովհետեւ լարուած այդ կեցուածքները ներքին առումով հարցերը կը բարդացնեն եւ քաղաքացիական անվտանգութեան, կայունութեան եւ լիբանանցիներուն տնտեսական շահերուն վնաս կը հասցնեն», շեշտեց ան:

Նախագահ Սլէյման աւելցուց նաեւ, որ Լիբանանի արտաքին քաղաքականութիւնը հիմնուած է շրջանի բոլոր երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները հեզասահ պահելու եւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հիման վրայ:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց աշխատանքներու ամբողջացման կառավարութեան ներքին գործոց նախարար Զիատ Պարուտը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական կացութիւնը, յատկապէս բանտերուն իրավիճակին վերաբերող մանրամասնութիւնները:

Միւս կողմէ, «Հայաթ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով ֆրանսական աղբիւրներէ, յայտնեց, որ Փարիզ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին յղած է նամակ մը, որուն հիման վրայ, ան շեշտած է, որ ներկայիս նախագահ Սլէյմանի դերակատարութիւնը առանցքային է` նկատի ունենալով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կ՛ուղղուի դառնալու միագոյն կառավարութիւն մը:

Նոյն նամակին մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը միջազգային հսկողութեան տակ պիտի դրուի` յոյս յայտնելով, որ կառավարութիւնը պահէ միջազգային որոշումներուն եւ իր պատասխանատուութիւններուն նկատմամբ իր յանձնառութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES