ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան Անդամները Զօրակցական Այցելութիւն Պիտի Տան Չինարի Գիւղ
ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը, մտահոգուած վերջին օրերուն ազրպէյճանական յարձակումներուն պատճառով զոհուած զինուորներուն եւ սահմանամերձ գիւղերու խաղաղ բնակչութեան անդադար ռմբակոծութեան փաստով, այսօր Եռաբլուրի մէջ կազմակերպած է երիտասարդական համահաւաք մը: Տեղի պիտի ունենայ Հայոց բանակի քաջարի հերոսներու անմահ յիշատակին նուիրուած հոգեհանգիստի արարողութիւն եւ մոմավառութիւն: Երիտասարդները նաեւ պիտի մաքրեն տարածքը:
Հաւաքէն ետք` 10 յունիսին, երիտասարդները` իբրեւ Հայաստանի քաղաքացիներ պիտի այցելեն սահմանամերձ Չինարի գիւղը` հանդիպելու եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու տեղի բնակչութեան եւ զօրամասին, բարձրացնելու անոնց հայրենասիրական ոգին, գիւղի բարոյահոգեբանական մթնոլորտը, ցոյց տալու, որ քաղաքաբնակ երիտասարդութիւնը մտահոգ է եւ կ՛ապրի նաեւ սահմանամերձ գիւղին մէջ բնակողի հոգերով:
Հաշուի առնելով վերջերս տարածուող այն լուրերը, թէ սահմանամերձ գիւղի բնակչութիւնը կը ցանկայ իր հողը լքել, ինչպէս նաեւ ստեղծուած անհանգստացնող իրավիճակը` երիտասարդութեան այցելութիւնը սահմանամերձ Չինարի գիւղ պիտի գօտեպնդէ ոչ միայն տեղւոյն բնակչութեան ու երիտասարդութեան, այլեւ կրնայ առիթ հանդիսանալ համազգային ոգեւորութեան ու սահմանամերձ գիւղերուն աջակցութեան:

