Կիրակնօրեայ Խօսքը. Անըմբռնելի՛Ն Մեր Սահմանափակ Մտքին Համար…
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Սիրելի՛ ընթերցող, այսօր կիրակնօրեայ ձայնաւոր պատարագով կատարեցինք տօնն Ամենասուրբ Երրորդութեան, որ կը կազմէ կեդրոնական խորհուրդը, ճշմարտութիւնը մեր հաւատքին ու կեանքին: Անոր ճանաչումը կրնայ գալ միայն Աստուծմէ:
Աստուածաշունչին մէջ յստակ է առկայութիւնն Ամենասուրբ Երրորդութեան, երբ կը խօսուի Աստուած «Հօր եւ Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին» մասին:
Յիսուս Քրիստոս, մեր Աստուածային Վարդապետը, սորվեցուց եւ բացայայտեց խորհուրդը եւ ճշմարտութիւնն Ամենասուրբ Երրորդութեան:
Առաքեալները, որոնք, Պենտեկոստէին եւ Հոգեգալստեամբ, լաւագոյնս հասկցան իրենց Առաջնորդին ու Վարդապետին երրորդութենական ուսուցումը, զայն աւանդեցին իրենց նորադարձ հաւատացեալներուն եւ յաջորդներուն:
Քրիստոսահիմն եկեղեցին կը դաւանի Ամենասուրբ Երրորդութեան հաւատքը եւ կը վարդապետէ, «ըստ կարելւոյն», բացատրելով անոր խորհուրդը: Մեր սուրբ հայրերը հաստատ ու կառչած մնացին Ամենասուրբ Երրորդութեան հաւատքին եւ զայն կտակեցին մեզի:
«Անբաժանելի եւ համագոյ Երրորդութիւն», «միասնական սուրբ Երրորդութիւն եւ մի Աստուածութիւն», «զծածկեալ խորհուրդ Երրորդութեանդ յայտնեցեր Եկեղեցւոյ սրբոյ Քում», «եկայք հաւատացեալք երկրպագեսցուք Երրորդութեանն», «այսօր Վիմին հաւատոյ յայտնեալ զխորհուրդ Երրորդութեանն», որ է «Իսկութիւն անսկիզբն, Կեանք կեցուցիչ, ամենագիւտ Սէր եւ ամենակալ Զօրութիւն, Հայր եւ Որդի եւ Հոգի Սուրբ: Երեք Անձինք եւ մի բնութիւն եւ կամք, Արարիչն եւ Բարերարն եւ Հաստիչն` Աստուած»:
Հայ մատենագրութենէն կատարուած մէջբերումները կը փակեմ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին հրամայականով ու հարցադրումներով` մեզի փոխանցուած Ագաթանգեղոս պատմիչէն. «Հաւատացէ՛ք յԵրրորդութիւն. ճշմարտացէ՛ք ի միութիւն անշշունչ լռութեամբ, լուռ հաւատքով: Բայց Զայն յուզել զԱնքնին, ո՞ հողապատեանս ի հողոյ զանգեալս զիա՞րդ քննել կարիցեմք, եւ գիտել զկամս Բարձրելոյն, եւ սկզբնաւորք զԱնսկզբանէն, զԱնհասն զիա՞րդ ոք կարիցէ քննել»:
«Հաւատքի մեր Հօր» հարցադրումները, որոնք դարերը չարչրկած են եւ միշտ այժմէական են, տրուպիս պատմել կու տան այս դասական օրինակը միջազգային մատենագրութենէն: Դրուագին թէ՛ պատմիչը, թէ՛ հերոսն է Ս. Օգոստինոս (354-430), «Վասն Երրորդութեան» հռչակեալ մատեանին հեղինակը, որ համաշխարհային մտածողութեան տիտաններէն մին կը հանդիսանայ իբրեւ իմաստասէր ու աստուածաբան:
Վերոնշեալ գրքին պատրաստութեան ժամանակաշրջանին, օր մը, երբ ծովափին ըրած շրջագայութեան ընթացքին ու խորախորհուրդ մտածումներու մէջ մխրճուած` կը տեսնէ մանուկ մը, որ Միջերկրականէն ջուր կը լեցնէր եւ փոքր դոյլով կը թափէր փոսիկի մը մէջ: Անակնկալէն կը մատնուի զարմանքի ու հետաքրքրութեան: Կը հետեւի պատահածին: Ապա ժպտելով կը մօտենայ մանուկին:
– Դուն ի՞նչ կ՛ընես հոս:
– Չե՞ս տեսներ ըրածս:
– Կը տեսնեմ, բայց չեմ հասկնար ըրածդ:
– Կը փորձեմ ամբողջ ծովուն ջուրը պարպել այս փոսին մէջ:
– Ի՜նչ…: Անկարելի՛ է: Դուն ինչպէ՞ս կրնաս ծովը թափել փոսիկին մէջ:
– Ճիշդ է ըսածդ, բայց ես հիմա քեզի կը հարցնեմ, թէ դուն ինչպէ՞ս կ՛ուզես ըմբռնել եւ կը ջանաս մտցնել մարդու սահմանափակ ու չափաւոր մտքիդ մէջ Ամենասուրբ Երրորդութեան աստուածային խորհուրդը…:
Հիւսիսային Ափրիկէի Հիպպօ քաղաքին եպիսկոպոսը, որ բազմատաղանդ հեղինակն է աստուածաբանութեան ու փիլիսոփայութեան համար նշանակալից 200 գրուածքներու, 300 նամակներու եւ 400 քարոզներու, ժամանակ չունեցաւ պատասխանելու իր խօսակիցին, քանի աներեւոյթ եւ անտես եղած էր արդէն: Գլուխը շարժելով` խելամուտը հասկցաւ «յերկնուստ» պատգամին իմաստը…
Որքան ալ անըմբռնելի է խորհուրդն Ամենասուրբ Երրորդութեան, կարծես, այնքան աւելի առկայ է մեր կրօնին բոլոր արարողութիւններուն, խորհրդակատարութիւններուն, աղօթքներուն եւ ջերմեռանդութիւններուն մէջ: Այսպէս, առանց մանրամասնելու, կը յիշեցնեմ գլխաւորները:
Ամենասուրբ Երրորդութեան` «յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ» մենք կը կնքուինք, մեր մեղքերէն կ՛արձակուինք խոստովանանքին ատեն, կը պսակուինք, կ՛օծուինք, կը տեառնագրուինք, կը խաչակնքենք, կը բանանք ու կը փակենք մեր աղօթքները, կը սկսինք եւ կ՛աւարտենք մեր գործերը, մեր ճաշերը, մեր ուղեւորութիւնները:
Ուստի, Ամենասուրբ Երրորդութիւնը միշտ, ամէն րոպէ եւ ամէն տեղ ներկայ է մեր կեանքին ու մեր առօրեային մէջ: Մեզի կը մնայ գիտակցիլ Ամենասուրբ Երրորդութեան ներկայութեան եւ գործունէութեան:
Այս գիտակցութիւնը կրնայ միջնորդել մեր Մայրը` Մարիամ, զոր եկեղեցին կը դաւանի Ամենասուրբ Երրորդութենէն պսակուած Դշխոն երկնքին եւ երկրին, քանի Սիրամայրը Դուստրն է Հայր Աստուծոյ, Մայրն է Որդի Աստուծոյ եւ Հարսն է Ս. Հոգի Աստուծոյ:
Հուսկ, իբրեւ անհատի` քեզի թելադրանքս, որ կրկնես այս ամենասաց դաւանանքը հայատրոփ, զոր կ՛առնեմ մեր պատարագամատոյցէն. «Հաւատով հաւատամ յամենասուրբ Երրորդութիւնդ` ի Հայր եւ յՈրդի եւ Հոգիդ Սուրբ»:
Իսկ իբրեւ հայկազեան ժողովուրդ` բոլորս ձայնելու ենք մեր Ս. Գրիգոր Նարեկացիին հետ. «Խոստովանիմք եւ դաւանեմք, պաշտեմք եւ երկրպագեմք զզուգափառ միութիւն ամենասուրբ Երրորդութեանն»:
Այնճար, 3 յունիս 2012

