50 Տարի Առաջ ( 14 Յունիս 1962 )

Հետաքրքրական

Ինքնաշարժներու Թիւը

Բ. Աշխարհամարտէն ի վեր ինքնաշարժներուն թիւը ահռելի կերպով շատցած է աշխարհի բոլոր կողմերը: 1939-ի եւ 1959-ի միջեւ Ֆրանսայի մէջ ինքնաշարժներուն թիւը երկուկէս միլիոնէն բարձրացած է 5 միլիոն 650,000-ի: Ամերիկայի մէջ ինքնաշարժներու թիւը հասած է 70 միլիոն 500,000-ի: Նոյն չափով, սակայն, աւելցած են նաեւ ինքնաշարժային արկածներու պատճառով եղող ծախքերը: Օրինակի համար, Ամերիկայի մէջ ծախսուած է վեց միլիոն 200,000 տոլար:

Որո՞նք Շատ Գլխացաւ Կ՛ունենան

Ամերիկացի հռչակաւոր գիտնական տոքթ. Հենրի Օկտըն վերջերս կատարած է ինքնատիպ ուսումնասիրութիւն մը, որուն ընթացքին տասը հազար ամերիկացիներ քննելով` յանգած է հետեւեալ եզրակացութեանց:

«Երիտասարդները տարեցներէն աւելի յաճախ կը տառապին գլխացաւէ: Քսան տարու ամերիկացիներուն 80 առ հարիւրը տեւական գլխացաւ կ՛ունենայ, առնուազն շաբաթը մէկ անգամ: Առաջին գծի վրայ կու գան բժշկականի ուսանողները: Անոնցմէ ետք կու գան` միւս ուսանողները, ձեռնարկներու տնօրէնները, պաշտօնեաները, տանտիկինները, քահանաները եւ գործաւորը: Գալով գիւղացիներուն` անոնք գրեթէ բոլորովին անտեղեակ են գլխացաւին:

Ամերիկացի գիտնականին ըրած ամենավերջին ու թերեւս ամէնէն շահեկան դիտարկութիւնը այն է, թէ ամուրիները ամուսնացածներէն աւելի շատ գլխացաւ կ՛ունենան:

«Նարեկ»ը Ֆրանսական Ձայնասփիւռէն

Կիրակի, 3 յունիս, ֆրանսական ձայնասփիւռը Ռատիօ-Սորպոնի մշակութային յայտագիրներու մէջ կէս ժամ տրամադրած էր Նարեկացիին: Քանի մը ամիս առաջ (յունուար 21), նոյն յայտագրով խօսուած էր Վարուժանի եւ Չարենցի մասին:

Այս անգամ Նարեկացիի առթիւ եւ բնորոշելու համար միջին դարու միջավայրը, խօսնակ տիկինը յիշեց Հայոց պատմութեան այդ շրջանը եւ մանաւանդ Բագրատունիներն եւ Անիի թագաւորութիւնը: Նկարագրական էջ մը` Ժաք տը Մորկանէն:

951, կը ծնի Նարեկացին: Մթնոլորտը անձկութեան մէջ է: Քիչ ծանօթութիւններ կան իր կեանքի մասին: Գրականութիւ,ն աստուածաբանութիւն կը սորվի Անանիա վարդապետէն, Նարեկի վանքը:

Հրաշքներ գործած է, կ՛ըսեն, թէ Կոյսը տեսած է:

Հոս խօսնակը սխալ մը կը գործէ` ըսելով, թէ Կաթողիկէ եկեղեցին սրբացուցած է զինք: Ապա ճշգրիտ բառերով, կը խօսի Նարեկացիի ոճին մասին. բանաստեղծը կ՛ապրի ներքին ողբերգութիւն մը, լեզուն զարմանահրաշ կերպով հարուստ է: Լիւք-Անտրէ Մարսել լաւագոյնս խօսած է այդ հզօր եւ ինքնատիպ լեզուին մասին:

Մինչ ոմանց համար Նարեկացին արաբական ազդեցութիւն կրած է, ուրիշներ համաձայն չեն: Ֆրանսական ձայնասփիւռը կը յիշէ Թորգոմ պատրիարքին տեսակէտը, որ կը շեշտէ, թէ Նարեկացին արաբերէնի ծանօթ չէր: Կը յիշատակուին նաեւ Արշակ Չօպանեանի թարգմանութիւնները եւ վերջինը` հայր Քէշիշեանի թարգմանութիւնը (յառաջանալով հայր Յովհաննէս Մըսըրեանի):

Յայտագրին վերջը կարգ մը հարցումներ եղան փրոֆ. Ֆրետերիք Ֆէյտիի:

Յայտագրին ընթացքին Նարեկացիի ֆրանսերէն թարգմանութիւններէն արտասանեց Ալեն Քիւնի, իսկ Արտաշէս Գմբէթեան գրաբար արտասանեց` անգամ մը եւս յայտարարելով իր տաղանդը եւ լաւագոյն ապացոյցը տուաւ, թէ աշխարհի գեղեցկագոյն լեզուներէն է մեր անմահ գրաբարը:

Հաւանաբար Նարեկացիի լաւագոյն բնորոշումը ըրած է Լիւք-Անտրէ Մարսէլ` ըսելով, թէ Նարեկացի Ժ. դարու գերիրապաշտ բանաստեղծն է «Լի շնորհօք»:

Share this Article
CATEGORIES