50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 12 ապրիլ 1961 )
ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԸ ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ
(ՍԵՓԱԿԱՆ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆ «ԱԶԴԱԿ»Ի)
Նորակառոյց եկեղեցւոյ շինութեան աշխատանքները.- Այնճարի եկեղեցւոյ շինութեան աշխատանքները ընդհատուած էին վերահաս ձմեռուան պատճառով: Հիմա գարուն է: Մօտ օրէն պիտի վերսկսին նոր թափով` զանոնք իրենց լրումին հասցնելու վճռականութեամբ: Հայ ազնուազարմ ժողովուրդը, ո՛ւր որ ալ գտնուի, ի՛նչ պայմաններու տակ ալ որ ապրի, առաջին հերթին կը կառուցանէ իր հոգեկան ու ոգեկան տաճարները` հայը հայ պահելու գերագոյն մտահոգութեամբ:
Եկեղեցիի շինութեան առաջին մասի աշխատանքները աւարտած, հիմերը լեցուած ու տասնվեց սիւները կանգնած են արդէն: Հիմա, ամբողջական շինութեան աշխատանքներուն է, որ պիտի ձեռնարկենք:
Նուազուրդի գործողութիւնները վերջացած ու պայմանագրութիւնները կնքուած են Ազգ. առաջնորդարանի եւ կապալառուներուն միջեւ:
Եկեղեցին` ազգային բարերարի մը անունով, կ՛անուանուի Սուրբ Պօղոս: Այս մասին պիտի գրեմ, երբ ժամանակը գայ…
Կապալառուները 15 օրէն գործի պիտի սկսին ու 4 ամիսէն պիտի վերջացնեն ամբողջական շինութիւնը` ըստ կնքուած պայմանագրութեան: Անշուշտ իրենք պեթոնի բաժինը միայն պիտի լրացնեն:
Առիթը յարմար նկատելով` կ՛ուզեմ շատ համեստ առաջարկ մը ներկայացնել «Ազդակ»ի բոլոր ընթերցողներուն անխտիր, յանուն եկեղեցաշինութեան, որ հետեւեալն է.
Այն բոլոր ազգայինները, որոնք նորածիններով կը բախտաւորուին, որդիներ կը նշանեն, զաւակներ կ՛ամուսնացնեն, սիրելիներ կորսնցնելու դառն կսկիծը կ՛ունենան ու հոգեհանգիստ կատարել կու տան, իրենց ուրախութեանը եւ տրտմութեանը մէջ, բարի ըլլան յիշել նաեւ Այնճարի նորակառոյց եկեղեցին, ապրող սրտահատորներու արեւշատութեան ու յաւիտենականութեան անցած սիրելիներու հոգիներուն հանգստեան եւ լուսաւորութեան համար: Ու տան իրենց լուման` Աստուծոյ տաճարին վրայ քար մը զետեղելու համար: Վստահ եմ ու համոզուած, որ աստուածահաճոյ այս գործը ամէն հայու սրտին կը խօսի, շատ մօտէն:
Գրադարանի բացում.- Տեղւոյն Ազգ. «Յառաջ» վարժարանի Շրջանաւարտից միութիւնը, տարուած աշխատանքներուն շնորհիւ, ունեցաւ կոկիկ եւ մաքուր գրադարան մը, բաւական ճոխ: Գրադարանին բացումը տեղի ունեցաւ ամսոյս 3-ին, երկուշաբթի, Շրջանաւարտիցի ակումբին մէջ, որ մաս կը կազմէ «Յառաջ» վարժարանին:
Սիրով ընդառաջելով եղած պաշտօնական հրաւէրներուն` կուսակցական մարմինը, թաղականութիւնը, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղի վարչութիւնը, «Յառաջ» վարժարանի հոգաբարձութիւնը, ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ ուրիշ հրաւիրեալներ, ժամանակին փութացած էին ակումբ` իրենց նիւթական ու բարոյական օժանդակութիւններով քաջալերելու համար Շրջանաւարտից միութեան նոր ձեռնարկը:
Գործադրութեան դրուեցաւ շատ կոկիկ յայտագիր մը: Բացման խօսքն ըրաւ Ս. Շերպեթճեան: Արտասանեց Վերգինէ Այնթապեան, Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն»ը: Մեներգեց Մատթա Հապեշեան: Արտասանեց Մարի Պագալեան, Սիամանթոյի «Ներբողական»ը: Խօսեցան` Ե. Պոյաճեան, Ն. Պիտանեան եւ Պ. Սնապեան: Խօսողները դրուատիքն ըրին հայ գրականութեան եւ հայ գիրքին: Մասնաւորաբար շեշտը դրին այն մեծ իրողութեան վրայ, թէ մարդիկն են մահկանացու, գրքերն են անմահ: Ու թելադրեցին նորահաս սերունդի ներկայացուցիչներուն, որ իրենց աչքի լոյսին պէս պահեն ու պահպանեն հայ գիրքը: Ծափեր խլեցին թէ՛ խօսողները, թէ՛ արտասանողները, թէ՛ երգողը` ի նշան գնահատանքի: Երեւոյթը յուսադրիչ էր եւ շնորհաւորելի:
Հանդէսի լրումին աւանդական ժապաւէնը կտրեց Մովսէս Մախուլեան` 100 լ. ոսկի նուիրելով գրադարանին: Որմէ ետք բացուեցաւ հանգանակութիւնը, զոր ձեռնհասօրէն վարեց Թ. Պագալեան: Նուիրատուներուն անունները.
35 լ. ոսկի Յ. Քենտիրճեան, 25-ական լ. ոսկի Հ. Քերթեշեան, Ա. Աբրահամեան, Ս. Գալուստեան, Ն. Պօղիկեան, Գ. Հաւաթեան, ԼՕԽ-ի վարչութիւն, Վ. Գարագաշեան եւ Գ. Հաւաթեան: 20 լ. ոսկի Թ. Պագալեան: 15-ական լ. ոսկի Վ. Փանոսեան եւ Ս. Շերպեթճեան: 10-ական լ. ոսկի Շ. Պօղիկեան, Պ. Սնապեան, Ե. Պոյաճեան, Յ. Գ. Պուրսալեան, Թ. Հապեշեան, Ն. Պիտանեան, Մ. Քենտիրճեան, Յ. Աբրահամեան եւ Ա. Թաշճեան, 5-ական լ. ոսկի, Պ. Գարագաշեան, Մ. Աշգարեան, Ա. Քենտիրճեան, Պ. Լուրջեան եւ Սոնա Գալուստեան: Գումար` 500 լ. ոսկի:
Գրադարանի զարդը կը կազմէ «Հայրենիք» ամսագրի լիակատար հաւաքածոն, որ այսօր անգտանելի է, նուիրուած` ամերիկահայ ազգայինի մը` Ս. Եղոյեանի կողմէ: Գրադարանը` զանազան ազգայիններէ ստացած է զանազան տեսակի գրքեր` իբրեւ նուէր: