Կազմակերպութեամբ Ամալ Շարժումին. Մարզական Մրցաշարք` Յառաջիկայ 20 Յունիսէն 8 Յուլիս
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի եւ կազմակերպութեամբ Ամալ շարժումին (Լեռնալիբանանի նահանգի շրջան), յառաջիկայ 20 յունիսէն 8 յուլիս առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ մարզական մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Լեռնալիբանանի նահանգի քաղաքապետութիւնները:
Տեղի պիտի ունենան մինի ֆութպոլի, փինկ փոնկի եւ վազքի մրցումներ:
Կազմակերպիչները բոլոր քաղաքապետութիւնները, ֆետերասիոններու անդամները եւ մարզական լրագրողները հրաւիրեցին մամլոյ ասուլիսի մը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ չորեքշաբթի, 20 յունիսին, «Հապթուր» պանդոկին մէջ (Սին էլ Ֆիլ)` այս մրցաշարքին գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցելու համար:
CATEGORIES Մարզական

