Եուրօ-2012. Եու. Է. Էֆ. Ա.ն Կը Սպառնայ Վեց Կէտ Խլել Ռուսիայէն
Եու. Է. Էֆ. Ա.ին հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ եթէ Ռուսիոյ համակիրները Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ընթացքին շարունակեն մնալ անկարգապահ, անկէ պիտի խլուի վեց կէտ յաջորդ Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ընթացքին:
Լեհաստանի դէմ տեղի ունեցած մրցումին Ռուսիոյ համակիրները գտնուեցան քիչ մը անկարգապահ` նետելով պայթուցիկներ, թրիպիւններուն վրայ պաստառներու վրայ արգիլեալ գրութիւններ գրելով, ինչպէս նաեւ դաշտէն դուրս կռիւի բռնուելով լեհ համակիրներուն հետ:
Վարշաւայի ոստիկանութիւնը կը յայտնէ, որ ռուս համակիրները կը ստեղծեն կռիւի մթնոլորտ: Անիկա կ՛ըսէ, որ երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած մրցումին (դաշտէն դուրս) ձերբակալուեցան 184 անձեր, որոնց 156-ը` լեհ, իսկ 25-ը` ռուս:
CATEGORIES Մարզական

