Նալբանդեան Հանդիպում Կ՛Ունենայ Երեւանի Մէջ Հաւատարմագրուած Եւրոպական Երկիրներու Դեսպաններուն Հետ

Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան աշխատանքային ճաշ ունեցաւ Երեւանի մէջ հաւատարմագրուած Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպաններու եւ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավարին հետ:

Քննարկուեցան Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան ներկայ ընթացքը եւ նախատեսուող բարձր մակարդակի քայլերը:

Նալբանդեան եւրոպացի դեսպաններուն ներկայացուց անցեալ շաբաթ Հայաստանի սահմանին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գիծին վրայ Ազրպէյճանի կազմակերպած սադրիչ հետախուզական գործողութեանց իբրեւ արդիւնք ստեղծուած իրավիճակը:

 

Share this Article
CATEGORIES