Լոնտոնի 2012-ի Ողիմպիական. Հայաստանի Մարզիկները Իրենց Խաղերը Պիտի Սկսին 28 Յուլիսին

«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի երեք մարզիկներ` Նորայր Պախթամեան (հրացանաձգութիւն), Արթուր Դաւթեան (մարմնամարզութիւն) եւ Միքայէլ Քոլոյեան (ժիւտօ), պիտի ըլլան երեք առաջին հայ մարզիկները, որոնք պիտի սկսին Լոնտոնի 2012-ի ողիմպիական խաղերը: Անոնք իրենց մրցումներուն պիտի սկսին 28 յուլիսին:

«Արմենփրես», որ իր այս տեղեկութիւնը քաղած է Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքէջէն, կ՛աւելցնէ ըսելով, որ հայրենի ծանրաբարձներուն յայտագիրը պիտի հրապարակուի քիչ մը աւելի ուշ:

Իսկ ազատ ոճի ըմբիշներ Միհրան Ջափուրեան, Դաւիթ Սաֆարեան եւ Հաճիմուրատ Նուրմակոմետով առաջին անգամ մրցասպարէզ դուրս պիտի գան յաջորդաբար 10, 11 եւ 12 օգոստոսին:

 

Share this Article
CATEGORIES