ՃԱՏՐԱԿ- ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԱԿՈՒՄԲՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՍԵՐԿԷՅ ՄՈՎՍԻՍԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱԽՈՅԵԱՆ

Նախորդ շաբաթավերջին աւարտած Գերմանիոյ ճատրակի տղոց ակումբներու ախոյեանութեան 14-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, Պէյտըն- Պէյտըն խումբը 5-3 արդիւնքով յաղթելէ ետք Վերտըր Պրեմընի, ախոյեանութեան տիտղոսին տիրացաւ մրցաշարքին աւարտէն մէկ հանգրուան առաջ:

Պէյտըն – Պէյտըն, որուն մաս կը կազմէ հայրենի մեծ վարպետ Սերկէյ Մովսիսեան, իր կատարած վերջին մրցումին 7-1 արդիւնքով յաղթեց Տելմեն- Հորսթերինի: Նշենք, որ հայրենի մեծ վարպետը իր կատարած 8 մրցումներէն ապահովեց 6,5 կէտ:

Թէեւ Մովսիսեան իրեն խմբակից ունէր աշխարհի ախոյեան Վիշվանաթան Անանտը եւ հանրածանօթ Մակնիւս Քարլսընը, սակայն անոնք որեւէ հանգրուանի դաշտ չներկայանալով մնացին առանց ոսկի մետալի:

Փոխախոյեան հանդիսացած Վերտըր Պրեմընի հետ արծաթ մետալին տիրացաւ հայազգի վարպետուհի Էլմիրա Սքրիպչենքօ- Աղապապեան:

Այժմ Մովսիսեան կը գտնուի Ռուսիա, որ Ս. Փեթերսպուրկ խումբին հետ կը պատրաստուի այդ երկրի ակումբներու ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 12-23 ապրիլին:

Share this Article
CATEGORIES